Արուեստի Աշխարհէն. «Մերժող» Արուեստագէտներու Կռիւ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Մաքսիմօ Քամիներօ կ՛ըսէ, թէ իր արաքով կը բողոքէր ցուցահանդէսին մէջ տեղացի արուեստագէտներէ գործերու բացակայութեան դէմ:
ՖԼՈՐԻՏԱՅԻ ՄԷՋ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄԻ ՊԻՏԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԴԻՏՈՒՄՆԱՒՈՐ ԿԵՐՊՈՎ ԿՈՏՐԱԾ Է ՉԻՆԱՑԻ ԱՅԼԱԽՈՀ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ԱՅ ՈՒԷՅՈՒԷՅԻ 1 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԱՐԺՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՄԷԿ ԾԱՂԿԱՄԱՆԸ` ԲՈՂՈՔԻ ԲԱՑԱՅԱՅՏ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԵԱՄԲ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ «ԿԱՏԱՐՈՂԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ» ԱՆՈՒՆՈՎ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՐԱՐՔԻՆ ՏԱՐԲԵՐ ԿՈՂՄԵՐԸ:
Մաքսիմօ Քամիներօ` 51-տարեկան արուեստագէտ մը, քրէական յանցանքով ամբաստանուած է Մայամիի մէջ: Ան ոստիկանութեան յայտնած է, թէ ցուցադրուած ծաղկամանը կոտրած է բողոքելու համար Մայամիի «Փերեզ արթ թանգարանին մէջ տեղացի արուեստագէտներէ գործերու բացակայութեան դէմ:
Այ Ուէյուէյ` 1 միլիոն տոլար արժողութեամբ ծաղկամանը ստեղծած արուեստագէտը, յայտնած է, թէ ինք չի զօրակցիր այլ արուեստագէտներու գործերը քանդող արուեստագէտներու:
Ուէյուէյ 2011-ին բանտարկուած էր Չինաստանի մէջ, այլախոհներու դէմ լայնածաւալ արշաւի մը ընթացքին: Չինաստանի իշխանութիւններուն հետ անոր յարաբերութիւնները խորապէս թշնամական են: Անոր գործերը երբեք չեն ցուցադրուած Չինաստանի մէջ:
Ֆլորիտայի թանգարանը կազմակերպած է չինացի արուեստագէտին նուիրուած ցուցահանդէս մը, որ կը շարունակուի մինչեւ մարտի կէսերը: Անիկա կը պարունակէ արուեստի գործ մը, որ կը կրէ «Հոներու թագաւորական հարստութեան սափոր մը գետին նետելով» վերնագիրը. այս գործին մաս կը կազմէ պատկեր մը, որուն մէջ Ուէյուէյ չինական հնադարեան սափոր մը գետին կը նետէ եւ կը փշրէ:

Այ Ուէյուէյ կ՛ըսէ, թէ ինք վարժուած է տեսնել իր գործերուն փճացումը, սակայն` տարբեր պատճառներով:
Թանգարանին պահակներէն մէկը ոստիկանութեան յայտնած է, թէ Քամիներօ գետնէն բարձրացուցած էր ծաղկաման մը, որ մաս կը կազմէր զետեղման արուեստի գործին, եւ երբ անոր թելադրուած էր իր տեղը վերադարձնել զայն, ան գետին նետած էր ցուցադրուած իրը:
Ֆլորիտաբնակ արուեստագէտը «Մայամի Նիւ Թայմզ» թերթին յայտնած է, թէ իրօ՛ք, ինք կոտրած է ծաղկամանը: «Կոտրեցի Մայամիի բոլոր արուեստագէտներուն համար, որոնց գործերը երբեք չեն ցուցադրուած տեղւոյն թանգարաններուն մէջ: Իսկ այժմ միլիոնաւոր տոլար կը ծախսուի միջազգային արուեստագէտներու համար»:
Քամիներօ կ՛ըսէ, թէ իր արարքը ինքնաբուխ էր եւ ներշնչուած էր նոյնինքն Ուէյույէի արուեստէն:
Անոր կոտրած ծաղկամանը մէկն էր գունագեղ աւելի քան տասնեակ ծաղկամաններէն, որոնց նմանը շինուած է Չինաստանի Հոներու թագաւորութեան հարստութեան ժամանակներուն, ինչպէս կը բացատրէ Ուէյուէյ:
Զետեղման արուեստի գործին ետին սեւ ու ճերմակ լուսանկարներու շարք մը կը պատկերէ, թէ ինչպէ՛ս Ուէյուէյ կը վերցնէ հնադարեան սափոր մը, ապա զայն կը նետէ գետին եւ կը փշրէ:
«Մտածեցի, թէ Ուէյուէյ կը գրգռէր ակնդիրը եւ զայն կը հրաւիրէր մասնակցելու իր կատարողական արուեստի (փըրֆորմընս արթ) բողոքին», ըսած է Քամիներօ «Մայմի Նիւ Թայմզ» թերթին:
Սակայն Ուէյուէյ, որ այժմ կը գտնուի Պէյճինկ, ըսած է, թէ սափորներ կոտրելու իր մղումին պատճառը «քիչ մը տարբեր է»: (Ան հնադարեան սափորներ կը գնէ եւ կը կոտրէ` մշակութային ժառանգութեան, արուեստի գործերու իրական կամ կեղծ բնոյթին, անոնց արժէքին, ինչպէս նաեւ` հինը քանդելով նորը ստեղծելու մասին իր սեփական հաստատումները կատարելու միտումով, «Ա.»):
«Այն սափորը, որուն վրայ կ՛աշխատիմ, չի պատկանիր որեւէ թանգարանի կամ անձի: Երբեք չեմ փորձած կոտրել թանգարանի մը մէջ ցուցադրուած գործ մը: Իմ կոտրած սափորներս կը պատկանին ինծի: Ան (Քամիներօ) կրնայ գետին նետել որեւէ բան, բայց ոչ` ուրիշին սեփականութիւնը»:
Ուէյուէյ նաեւ կ՛ըսէ, թէ ինք ըսելիք չունի թանգարանին պատասխանատուներուն ընտրութեան մասին, եւ թէ` անոնց ընտրութիւնը չ՛արդարացներ այլոց գործերը փճացնելու արարքը:
«Տակաւին առիթ չեմ ունեցած գործերս ցուցադրելու Չինաստանի մէջ: Նոյնիսկ չեմ մտածեր երթալ Պէյճինկի մէկ թանգարանը` բողոք արտայայտելու համար: Եթէ բողոքեմ, պատիժ կը կրեմ»:
Բռնարարքի Ենթարկուած Հռչակաւոր Գործեր
Հոլանտացի արուեստագէտ Ռամպրանթի գլուխ գործոց «Հսկումը» յարձակումի ենթարկուած է 1911-ին, 1975-ին եւ 1990-ին:
Էտվարտ Էրիքսընի «Փոքրիկ ծովանուշ»-ը տեւաբար յարձակումի թիրախ է Քոփենհակընի մէջ:
Տա Վինչիի ամէնէն հռչակաւոր գեղանկարը` «Մոնա Լիզա»-ն ենթարկուած է թթուով, քարով, ներկով եւ նոյնիսկ յախճապակիէ գաւաթով յարձակումներու:
Սպանացի արուեստագէտ Վելասքեզի «Վենիւս` հայելիին դիմաց» գեղանկարը բազմիս դանակոծուած է կիներու քուէարկելու իրաւունքի պաշտպան Մերի Ռիչըրտսընի կողմէ, 1914-ին:

