Արուեստի Աշխարհէն. Որո՞նք Են Երեւակայական Պատմութիւններու Լաւագոյն Առաջին Նախադասութիւնները

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՎԻՊԱԳԻՐՆԵՐ Կ՛ԸՍԵՆ, ԹԷ ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԵՆ ՕՐՈՒԱՆ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՆՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՇԱՃ ԵՒ ՀԱՃԵԼԻ ՏՈՂԵՐՈՎ ՍԿՍԻԼ ԻՐԵՆՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ` ԳՐԱՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՑՐՈՒԱԾ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ: ՍԱԿԱՅՆ ԴԱՍԱԿԱՆ ՎԷՊԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ԲԱՆԵՐ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼ ԵՒ ՑՈՅՑ ՏԱԼ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ԳՐԵԼ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾՈՂ ԱՌԱՋԻՆ ՏՈՂԵՐ: ՃՈՆ ՈՒԱԼՇ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՀԱՃԵԼԻ ՈՃՈՎ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՎԷՊԸ ՊԱՐՏԱՒՈՐ ՉԷ ԳՈՀԱՑՆԵԼ ՆԵՐԿԱՅ ԴԱՐՈՒ ԱՐԱԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋԸ. «ԸՆԹԵՐՑՈՂԻՆ ՍԻՐՏԸ ԳՐԱՒԵԼԸ ՆԱԽԸՆՏՐԵԼԻ Է, ՔԱՆ` ԱՆՈՐ ԿՈԿՈՐԴԷՆ ԲՌՆԵԼԸ», ԿԸ ԳՐԷ ԱՆ:

985firts6Ռէյմընտ Չէյնտլըր բաւական լաւ խորհուրդ մը տուած է գրագէտներուն. «Երբ շուարած էք, թէ ի՛նչ պիտի գրէք, նկարագրեցէք մարդ մը, որ դռնէն ներս կու գայ` զէնք մը ձեռքին»: Իրապէ՛ս լաւ խորհուրդ մը` ոեւէ գրագէտի համար, որ կը կարծէ, թէ գլուխ գործոց մը կը գրէ, սակայն առժամաբար կը տառապի խորհրդածելու, նկարագրելու, փիլիսոփայելու կամ զարդարուն գրելու դժուարութիւններէ: Թերեւս կը մտածենք, թէ Չէյնտլըրի խորհուրդը յարմար է միայն ոճրային պատմութիւններու հեղինակներու, այնպէս չէ՞: Վստահաբար ինքզինք հաստատած վիպագրութիւնը կարիքը չունի նման ցածորակ ձեւի դիմելու` գրաւելու համար հետաքրքրութիւնը ընթերցողին, որ ի դէպ, գիտենք, թէ կատարելապէս գոհ է խորհրդածութիւններ, նկարագրութիւններ եւ բաներ կարդալով:

Սակայն, եկէք, պահ մը դարձեալ մտածենք այս մասին: Հետզհետէ աւելի տիրական կը դառնայ այն կարծիքը, թէ 21-րդ դարու գրագէտները սկսած են նահանջել` ընթերցողին ուշադրութիւնը գրաւելու պայքարին մէջ: Անոնք անպայմա՛ն պէտք է լուծում մը գտնեն այս հարցին. այո՛:

Հարցը դրուեցաւ վերջերս,  Էմիրութիւններու օդանաւային ընկերութեան կազմակերպած գրականութեան փառատօնին (այս բառերուն հազուադէպօրէն կը հանդիպինք նոյն նախադասութեան մէջ), Տուպայի մէջ: Երեք գրագէտներ խօսեցան առաջին տողէն ընթերցողին ուշադրութինը գրաւելու կարեւորութեան մասին: «Այսօր մարդոց ուշադրութիւնը այնքա՛ն ցրուած է այՓատերու եւ այՖոներու նման գործիքներու տիրական ներկայութեամբ, որ իրապէ՛ս շատ արագ պէտք է զանոնք կապենք ուղղակի պատմութեան: Եթէ քիչ մը աւելի ժամանակ յատկացնենք մթնոլորտ ստեղծելու եւ պատմութիւն մը հիւսելու, արդէն կը ձախողինք», ըսաւ ոճրային երեւակայական պատմութիւններու բրիտանացի հեղինակ Սայմըն Քըռնիք:

Պատկերասփիւռի հաղորդավար եւ այժմ վիպագիր Ռիչըրտ Մետլի համաձայն գտնուեցաւ եւ ըսաւ.«Ճէյն Օսթընի եւ նման հեղինակներու պատմութիւնները հրաշալի են, սակայն անցած են այն օրերը, երբ կարելի էր դանդաղ հիւսելով գրել: Ուշադրութիւն ցրուող այլ բաներու գոյութիւնը մտածել կու տայ, թէ իրապէ՛ս պէտք է ընթերցողը բռնենք կոկորդէն»:

Կը կարծեմ, թէ «Ճէյն Օսթընի եւ նման հեղինակներու պատմութիւնները» ըսելով` Մետլի նկատի ունի «անգլիական դասական վէպը»: Արդեօք վերջերս ան բացա՞ծ է այս վէպերէն որեւէ մէկը: «Ուետըրինկ Հայթց» կը սկսի հետեւեալ տողով. «Նոր վերադարձայ կալուածատիրոջ քովէն. մենակեաց դրացիս, որուն հետ հարց պիտի ունենամ», ինչ որ առաջին վայրկեանէն ընթերցողը կը տեղադրէ նիւթին մէջ: «Միտըլմարչ» կը սկսի այսպէս. «Միս Պրուք այն տեսակի գեղեցկութիւն մը ունի, որ կը թուի, թէ աւելի կը շեշտուի հագուստին պարզութեամբ». հոյակապ ձեւագծուած մուտք մը, որ ընթերցողին մէջ կը ստեղծէ Միս Պրուքի եւ զայն սուր լեզուով նկարագրող գրագէտին մասին աւելին գիտնալու հետաքրքրութիւնը: Եւ անշուշտ «Փրայտ էնտ փրեճուտիս» կը սկսի այն տողերով, զորս արդէն գոց գիտենք. «Տիեզերական ընդունուած ճշմարտութիւն է, որ ամուրի հարուստ մարդ մը վստահաբար կարիքը ունի կնոջ մը»: Անշուշտ ձանձրացուցիչ եւ Թոմըս Հարտիի ոճով երկարապատում բազմաթիւ էջերով ծանրաբեռնուած էին 19-րդ դարու վէպերը, սակայն կասկած չկայ, թէ հին վարպետները գիտէին, թէ ինչպէ՛ս կրնային գրաւել ընթերցողին հետաքրքրութիւնը:

Արդեօք արդի գրագէտներ իրապէս կարիքը ունի՞ն ոճրային պատմութիւններու յատուկ զգայացունց միջոցներու դիմելու, որպէսզի յաջողին:

Բրիտանացի լրագրող եւ վիպագիր Եոեօ Մոյես, որ նոյնպէս ներկայ էր Տուպայի փառատօնին, ըսաւ, թէ այժմ տարբեր ձեւով կը սկսի գրել իր վէպերը` լսելէ ետք ընթերցողներուն կարծիքները եւ Ամազոնի վրայ կարդալէ ետք անոնց քննադատական տողերը: «Մարդիկ կ՛ըսէին, թէ բաւական ժամանակ ետք յաջողած էին կապուիլ այս կամ այն գիրքին, սակայն ի վերջոյ ներգրաւուած էին: Բան մը սորվեցայ այս խոստովանութիւններէն. պէտք էր արագացնէի վէպերուս ընթացքը»:

Արագացնե՛լ. 21-դարու նպատակակէ՛տը: Արագացնել անձնական հաղորդակցութիւնը, լրատուութիւնը, համացանցի հետ կապը, վայրկենական հակազդեցութիւնները (երբ կը դիտենք բան մը), լրահոսը, ուտելիքի, երաժշտութեան, ամէն վայրկեան նորութիւն մը մէջտեղ նետող մշակոյթի նորաձեւութիւնները, մէկ ժամուան մէջ աւելի մեծ թիւով «ճռուողիւններու» արձակումը Թուիթըրի վրայ. շատ աւելի մեծ թիւով, քան ինչ որ կարելի է կարդալ: Արդեօք վէ՞պն ալ կարիքը ունի արագանալու: Տրամաբանական չէ առաջարկը:

Վէպը ունի իր իտէալ կշռոյթը: Էլենոր Քաթընի Պուքըր մրցանակի արժանացած «Տը լիւմինըրիզ» վէպին ծաւալը 823 էջ է: Սակայն անոր գրեթէ իւրաքանչիւր տողը քայլ մը առաջ կը տանի զարմանահրաշ վարպետութեամբ հիւսուած դիպաշարը: Պուքըրի նախորդ մրցանակակիր Հիլըրի Մանթըլի «Պրինկ ափ տը պատիզ» գիրքը կը սկսի հրաշալի կերպով գրաւիչ նախադասութեամբ մը. «Անոր զաւակները երկինքէն կ՛իյնային»: Այս տողերուն կը յաջորդեն  400 էջեր, որոնց մէջ կը բացուին ցայտուն եւ մանուածապատ տեսարաններ, ուր ձայներ եւ դերանուններ կը գլորին իրարու վրայ, սակայն ընթերցողը երբեք չի տրտնջար եւ չ՛ըսեր. «Լա՛ւ,  Հիլըրի, հասկցա՛նք»:

Պէտք է խուսափիլ կեղծ յանձնարարականներէ, որոնք կ՛ըսեն, թէ ի՛նչ ձեւ պէտք է որդեգրէ արդի վէպը կամ ի՛նչ ձեւերէ պէտք է հրաժարի: Եթէ շեշտենք, թէ իւրաքանչիւր վէպ անպայման պէտք է ունենայ գրաւիչ առաջին նախադասութիւն մը, ապա կ՛ունենաք հազարաւոր տարբերակները այն մարդուն, որ դռնէն ներս կու գայ զէնքը ձեռքին: Ասիկա տակաւին տանելի է: Անտանելին սրընթաց արշաւող վէպերու պահանջն է, որպէսզի ծոյլ եւ անբան, տեւական տրտնջացող եւ թուային պաստառներու մէջ կորսուած ընթերցողը յանկարծ չքնանայ: Ընթերցողին սիրտը գրաւելը նախընտրելի է, քան` անոր կոկորդէն բռնելը:

 

Լաւագոյն Առաջին Տողեր` Գրականութեան Մէջ

985firts3«Լաւագոյն ժամանակներն էին, յոռեգոյն ժամանակներն էին, իմաստութեան դարն էր, յիմարութեան դարն էր, հաւատքի ժամանակաշրջանն էր, անհաւատութեան ժամանակաշրջանն էր, Լոյսի եղանակն էր, Խաւարի եղանակն էր, յոյսի գարունն էր, յուսահատութեան ձմեռն էր, ամէն ինչ ունէինք մեր դիմաց, ոչինչ ունէինք մեր դիմաց, բոլորս ուղղակի դրախտ կ՛երթայինք, բոլորս ուղղակի հակառակ կողմը կ՛երթայինք»:

«Է թէյլ աֆ թու սիթիզ». Չարլզ Տիքընզ

«Ապրիլի պայծառ եւ ցուրտ օր մըն էր, ժամացոյցին սլաքները տասներեք ցոյց կու տային:

«Նայնթին Էյթի-ֆոր». Ճորճ Օրուել

 

«Աւելի փոքր եւ խոցելի տարիքիս հայրս ինծի տուաւ խորհուրդ մը, որուն մասին միշտ կը մտածեմ. ամէն անգամ որ զգաս, թէ կ՛ուզես քննադատել մէկը, պարզապէս յիշէ, թէ աշխարհի բոլոր մարդիկը չունին այն առաւելութիւնները, զորս դուն ունեցած ես, ըսաւ ան»:

«Տը կրէյթ Կացպի». Ֆ. Սքոթ Ֆիցճերըլտ

 

«Այդ օր քալելու երթալու կարելիութիւն չկար»:

«Ճէյն Էյր». Շարլոթ Պրոնթէ

 

«Բոլոր ուրախ ընտանիքները իրարու կը նմանին, սակայն տխուր ընտանիք մը տխուր է իրեն յատուկ ձեւով»:

«Աննա Քարենինա. Լեւ Թոլսթոյ

 

«Բազմաթիւ տարիներ ետք, երբ դէմ յանդիման կը գտնուէր զինք սպաննելու պատրաստուող ջոկատին, գնդապետ Աուրելիանօ Պուենտիա պիտի յիշէր հեռաւոր ժամանակներու մէջ կորսուած այն յետմիջօրէն, երբ հայրը զինք տարած էր սառոյց տեսնելու:

«Ուան հանտրըտ եիրզ աֆ սոլիթուտ». Կապրիէլ Կարսիա Մարքեզ

 

985firts5«Օր մը Կրեկոր Սամսա արթնցաւ գէշ երազէ մը եւ տեսաւ, թէ իր անկողինին մէջ վերածուած էր հրէշային միջատի մը»:

«Տը մեթամորֆոսիս». Ֆրանց Քաֆքա

 

«Չես ճանչնար զիս, եթէ չես կարդացած «Տի էտվենչըրզ աֆ Թոմ Սոյըր» անունով գիրք մը: Սակայն հարց չէ: Այդ գիրքը գրած է պարոն Մարք Թուէյնը, որ ամէն պարագայի առաւելաբար ճշմարտութիւնը ըսած է»:

«Տի էտվենչըրզ աֆ Հաքըլպերի Ֆին». Մարք Թուէյն

 

«Ծերունի մըն էր ան: Իր նաւակով առանձին գացած էր ձուկ որսալու Կալֆ Սթրիմին մէջ: Ութսունչորս օր անցած էր, եւ տակաւին ոչ մէկ ձուկ որսացած էր»:

«Տի օլտ մեն ենտ տը սի». Էռնեսթ Հեմինկուէյ

 

Share this Article
CATEGORIES