Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Վարչութեան Ժողովին

1927168_10152326888292873_1593769921_n1957 թուականին հիմնուած Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդը կազմուած է Ասիոյ երկիրներու եկեղեցիներէն եւ քրիստոնէական կազմակերպութիւններէն:

Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդի (ԱԵԽ) Ընդհանուր վարչութիւնը ԱԵԽ-ի գործադիր վերին մարմինն է, անդամները ընտրուած են ԱԵԽ-ի Ընդհանուր համաժողովին եւ կը վարեն խորհուրդի հիմնական աշխատանքները:

Իրանի հայոց եկեղեցին, հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, 2010-ի անդամակցեցաւ ԱԵԽ-ին` իբրեւ լիիրաւ անդամ եւ ունի իր ներկայացուցիչները խորհուրդի յանձնախումբերուն մէջ:

ԱԵԽ-ի, Ընդհանուր վարչութիւնը իր հերթական ժողովը գումարեց Ճիանկ Մայի (Թայլանտ) քաղաքին մէջ 24-28 փետրուար 2014-ին: Ժողովին մասնակցեցաւ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեան եւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ ժողովական աշխատանքներուն:

Առաջին օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը կատարեց Սեպուհ սրբազան: Ան նախ ողջունեց բոլոր ժողովականները, յայտնեց, որ այս օրերուն Հայոց եկեղեցին կ՛ոգեկոչէ յիշատակը Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց զօրավարաց, որոնք նահատակուեցան յանուն քրիստոնէութեան եւ իրենց հայրենիքին: Ապա սրբազան հայրը մեկնաբանեց Քրիստոսի խօսքը` «Ես եմ աշխարհի լոյսը, ան, որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարին մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ»: Իր խօսքի ընթացքին սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան, որուն զոհ գացին աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն անմեղ հայորդիներ:

Երեք օրերու վրայ տարածուած աշխատանքի ընթացքին ժողովականները լսեցին խորհուրդին ընդհանուր քարտուղար  դոկտ. Հենրիէթ Հոտափարատ Լեփթքի եւ խորհուրդի բաժանմունքներուն նիւթաբարոյական տեղեկագիրները, քննարկեցին խորհուրդի կանոնագրութեան նոր բնագիրը: Որոշուեցաւ, որ յառաջիկայ Ընդհանուր համաժողովը տեղի ունենայ Ինտոնեզիոյ մէջ, 2015-ին, նիւթ ունենալով Աստուծոյ ընտանիքը:

Ժողովի երրորդ օրը Սեպուհ սրբազան առաջարկեց, որ ԱԵԽ-ը 2015-ի յատուկ կերպով անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան: Ժողովականները համակրանքով ընդունեցին առաջարկը եւ պարտականութիւն տուին ընդհանուր քարտուղարութեան, որ յատուկ նամակով թելադրէ խորհուրդի անդամ եկեղեցիներուն, որ 2015-ի ապրիլին ոգեկոչեն յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած նահատակներուն` որպէս զօրակցութիւն հայ ժողովուրդին:

Ժողովական աշխատանքներուն աւարտին Սեպուհ սրբազան Պանքոքի մէջ հանդիպում ունեցաւ փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամներուն եւ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Արթօ Յարութիւնեանին հետ: Հանդիպումը առիթ եղաւ խօսելու երիտասարդութեան հետ` յիշեցնելով անոնց, որ մենք ազգովին կը պատրաստուինք նշելու Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, եւ հետեւաբար, մեզմէ իւրաքանչիւրին պարտականութիւնն է իր շրջանակներուն մէջ պատգամախօս հանդիսանալ  համազգային այս մեծ իրադարձութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES