Ռունի Կը Փափաքի Մանչեսթըր Եունայթըտի Եւ Անգլիոյ Հաւաքականին Խմբապետը Ըլլալ

rouney1203Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Ուէյն Ռունի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ինք ոչ միայն իր ակումբին, այլեւ` Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետը կ՛ուզէ ըլլալ:

«Խմբապետի պաշտօնը քանի մը առիթով ստանձնեցի նախորդ շաբաթավերջին: Երբ այդ պաշտօնը քեզի կը յանձնուի, կը նշանակէ, որ քու նկատմամբ վստահութիւն գոյութիւն ունի: Ինծի համար Մանչեսթըրի խմբապետ ըլլալը մեծ պատիւ մըն է: Ինքզինքս շատ աւելի հպարտ պիտի զգամ, եթէ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետն ալ ըլլամ», ըսաւ Ռունի:

Share this Article
CATEGORIES