13-15 Մարտին. Փինկ Փոնկի Մրցաշարք` Ժեհթաուիի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան Պէյրութի շրջանի մասնաճիւղին, Ժեհթաուիի անոր կեդրոնին մէջ 13-15 մարտ 2014-ին տեղի պիտի ունենայ փինկ փոնկի մրցաշարք մը` բնականաբար հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին:
Հինգշաբթի, 13 եւ ուրբաթ, 14 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-էն 22:00 տեղի պիտի ունենան զտումի մրցումները` բոլոր դասակարգերուն մէջ (տղաք եւ աղջիկներ):
Կազմակերպիչներուն համաձայն, մրցաշարքը պիտի աւարտի շաբաթ, 15 մարտին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը:
CATEGORIES Մարզական

