Հինգշաբթի, 20 Մարտին. Մամլոյ Ասուլիս` Կիներու Վազքի 2-րդ Մրցումին Առիթով

Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ, Պէյրութի Մարաթոնի միութիւնը յայտարարեց, որ հինգշաբթի, 20 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին տեղի պիտի ունենայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, յատկացուած` կիներու վազքի 2-րդ մրցումին, որուն թուականը ճշդուած է 4 մայիս 2014-ին:

Այս մամլոյ ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի մէջ գտնուող «Լը Եախթ Քլապ»-ին մէջ:

Նկատի առնուած են 10 քմ վազքի, 10 քմ փոխանակումի, ինչպէս նաեւ նպատակի մը համար 5 քմ վազքի մրցումները:

Պէյրութի մարաթոնի միութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցէ հասարակութեան` տեղի ունենալիք մամլոյ այդ ասուլիսէն ետք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES