«Չեմփիընզ Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի Եւ Պայէր Լեւերքուզըն Դուրս Մնացին Մրցաշարքէն
Երէկ գիշեր, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն արձանագրուած արդիւնքներուն լոյսին տակ, երկու կազմեր եւս` Մանչեսթըր Սիթի եւ Պայէր Լեւերքուզըն, դուրս մնացին մրցաշարքէն:
Պարսելոնա, որ երթին Անգլիոյ մէջ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր Մանչեսթըր Սիթիի դէմ, երէկուան մրցումին եւս յաղթանակ մը արձանագրելով (2-1) պատճառ դարձաւ, որ Սիթի դուրս մնայ մրցաշարքէն: Լիոնել Մեսսի (67-րդ) եւ Տանիել Ալվես (90-րդ) նշանակեցին Պարսայի կոլերը, իսկ Վենսան Քոմփանի` Սիթիի կոլը (89-րդ):
Նոյն արդիւնքով աւարտեցաւ նաեւ Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պայէր Լեւերքուզըն մրցումը: Երթին ֆրանսական խումբը Լեւերքուզընի դաշտին վրայ 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
CATEGORIES Մարզական

