Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ամշիթ – Թատամոն Մրցումով` Այսօր Կ՛աւարտի 11-րդ Հանգրուանը

Հուփս - Սաժես երէկուան մրցումէն PROFOTO

Հուփս – Սաժես երէկուան մրցումէն
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ եւ 11-րդ հանգրուանի մրցումները կ՛աւարտին այսօր, երբ տեղի կ՛ունենայ Ամշիթ – Թատամոն մրցումը` առաջինին դաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 19:00-ին:

Դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումները կը սկսին վաղը` ուրբաթ, 14 մարտին, Պիպլոս – Ռիատի բացման մրցումով, որ տեղի պիտի ունենայ Պիպլոսի դաշտին վրայ եւ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:

Շաբաթ, 15 մարտին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, ՀՄԸՄ Ժունիէի Սանթրալի դաշտին վրայ հիւրը պիտի ըլլայ Պըժժէի:

Նշենք, որ երէկ գիշեր տեղի ունեցած Հուփս – Սաժես մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ երկրորդին` 93-67 արդիւնքով, հակառակ անոր որ կիսախաղը կ՛ընթանար հաւասարութեամբ (43-43):

Սաժեսէն Էլի Սթեֆան նշանակեց 29 կէտ, իսկ Հուփսէն Էշթըն Կիպզ` 20 կէտ:

 

Share this Article
CATEGORIES