Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրը պիտի ըլլայ Հուփսի: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին:

Ախոյեանութեան գծով իրենց կատարած առաջին մրցումին երկու խումբերն ալ յաղթանակ արձանագրած են` հետեւեալ ձեւով. ՀՄԸՄ – Պիլիվըրզ` 86-41 եւ Մութթահետ – Հուփս` 42-44:

Նշենք, որ աղջկանց ախոյեանութիւնը չի նմանիր տղոց ախոյեանութեան` նկատի ունենալով, որ դաշտ կրնան մուտք գործել երկու խումբերուն համակիրներն ալ:

Ստորեւ` 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Անդրանիկ – Մութթահետ 19:00 Տեմիրճեան
Հուփս – ՀՄԸՄ 19:30 Միշել Մըր
Ռիատի – Պիլիվըրզ 20:00 Մանարա
 

ՎԱՂԸ

   
18 տարեկանէն վար – Պըրժ Այնթուրա 18:00 Պըրժ Այնթուրա
Share this Article
CATEGORIES