Պէյրութի Եւ Լեռնալիբանանի Ճարտարարուեստի, Երկրագործութեան Եւ Առեւտուրի Պալատի Անդամ Ընտրուելուն Առիթով. «Պիտի Աշխատիմ Թէ՛ Որպէս Լիբանանի Քաղաքացի Եւ Թէ՛ Որպէս Լիբանանահայ» Կ՛ըսէ Սարգիս Պուտագեան
12 յունուար 2014-ին «Պիէլ»-ի մէջ տեղի ունեցան Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի, երկրագործութեան եւ առեւտուրի պալատի ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին պալատի նախագահ Մոհամետ Շուքէյրի նախագահած ցանկը ամբողջութեամբ ընտրուեցաւ եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին առաջադրած թեկնածուն` Սարգիս Պուտագեան ընտրուեցաւ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի, երկրագործութեան եւ առեւտուրի պալատի անդամ:
Այս առիթով «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը հարցազրոյց մը կատարեց Սարգիս Պուտագեանի հետ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի, երկրագործութեան եւ առեւտուրի պալատի անդամ ըսելով ի՞նչ կը հասկնանք, հանրութեան ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս անդամակցութիւնը:
ՍԱՐԳԻՍ ՊՈՒՏԱԳԵԱՆ.- Նախ բացատրեմ, թէ ընտրութեան նախորդող հանգրուանի աշխատանքը ինչպէ՛ս ընթացաւ: Կրնայ ըլլալ, որ մեր քաղաքական ուժը` ՀՅ Դաշնակցութիւնը յարմար նկատեց եւ առաջադրուեցաւ իմ անունս: Գիտէք, որ անցեալին Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի, երկրագործութեան եւ առեւտուրի պալատը կը պատկանէր որոշ քաղաքական ուժի մը, եւ շատ հասուն քաղաքականութեամբ աշխատանք տարուեցաւ վերակենդանացնելու համար պալատին մէջ հայ համայնքին վերապահուած աթոռը, եւ երբ որ մենք միասնաբար այս մասին խորհրդակցութիւններ ունեցանք մեր քաղաքական ուժին հետ, վճռակամութիւնը յստակ էր` ամէն գնով պէտք էր հասնիլ այդ աթոռին, որպէսզի տէր ըլլանք մեր հայկական ներկայութեան: Անշուշտ ի վերջոյ կուսակցութեան կը վերապահուի որոշումը, թէ ինք որ անձով կ՛ուզէ ներկայանալ. առիթը եղաւ, որ ես ճշդուիմ թեկնածուն, այդ չէ կարեւորը, անձը կարեւոր չէ, կարեւորը լիբանանահայութիւնը եւ լիբանանահայութեան իրաւունքները պաշտպանող ու ներկայացնող անձի մը անդամակցութիւնն է, որպէսզի համայնքային այս երկրին մէջ (անշուշտ` աշխատելով նաեւ երկրին բարօրութեան համար) կարենանք հայկական համայնքին յաջողութիւններ ապահովել: Ես շնորհակալ եմ, որ ինծի վստահուեցաւ այս պատասխանատուութիւնը, որուն համար ամէն ջանք պիտի թափեմ այս պարտականութիւնը յաջողութեամբ կատարելու համար:
Կ՛ուզեմ առանձնապէս յիշել նաեւ այս մարզին մէջ հսկայ աշխատանք իրականացուցած ճարտարարուեստի նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանը։
Հ.- Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս պալատի գրասենեակներու գործունութեան մասին, ի՞նչ ձեւով կը գործեն, ի՞նչ է անոնց գործունէութեանց կարեւորութիւնը:
Ս. Պ.- Պալատը այսօր արդէն 127 տարեկան է, հիմնուած է 1887-ին, գործած է «Պէյրութի վաճառականներու խումբ» անունով: Անունը փոփոխութեան ենթարկուած է 1967-ին, կանոնագիրի թիւ 5 փոփոխութեամբ` անունը եղած է «Ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատ», որուն կեդրոնը եղած է Սանաայի շէնքին մէջ, իսկ վերջին փոփոխութիւնը եղած է 1997-ին, կառավարութեան թիւ 626 որոշումով, եւ անունը եղած է` «Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի, երկրագործութեան եւ առեւտուրի պալատ»:
Նկատի ունենալով, որ աշխատանքի ժամկէտս հասած չէ տակաւին, ուրեմն ներկայի գործունէութեան մասին շատ բան չեմ կրնար ըսել: Ներկայացնեմ հակիրճ պատմական մը` լոյս սփռելու համար պալատի գործունէութեան կարեւորութեան վրայ: Ուրեմն կ՛ըսուի, որ պալատին աշխատանքները երբ նոր սկսած էին, Համաշխարհային Ա. պատերազմին, երբ սով տիրած էր Լիբանանի տարածքին, պալատը կրցած է արտերկրէն ուտեստեղէն ապահովել, լիբանանցիներուն ձրիաբար հայթայթել: Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան ընթացքին կրցած են ցուցահանդէսներ կազմակերպել Պէյրութէն մինչեւ Թուրքիա եւ հակառակը, անշուշտ նաեւ մինչեւ այսօր ներկայութիւն ունին եւ կը գործակցին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող նմանօրինակ պալատներու հետ, ինչ որ կարեւոր գործօն է: Պալատին անդամակցող անհատներուն թիւը Լիբանանի տարածքին 20,000 է, որոնցմէ մօտաւորապէս 15,000-ը` Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի մէջ, իսկ հայ անդամակցողներուն թիւը 3,4 առ հարիւր է, որ կ՛ընէ 500 հոգի, խօսքը կը վերաբերի անշուշտ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի տարածքին գտնուող հայ անդամներուն:
Հ.- Ի՞նչ տեսակ ենթայանձնախումբեր կը գործեն այս պալատին մէջ:
Ս. Պ.- Նախ ըսեմ, որ 24 անդամներէն 8-ը կը նշանակուին կառավարութեան կողմէ, իսկ 16-ը կ՛ընտրուին: Յիշեմ պալատին մէջ գործող անդամներուն անունները. Մոհամետ Շուքէյր (նախագահ), Կապի Թամըր, Ուիսամ Արիս, Սարգիս Պուտագեան, Մուհամար Լամաա, Նապիլ Ֆահըտ, Իսմայիլ Ալի Իսմայիլ, Շաքիպ Շըհապ, Սաուսան Ուազան, Հատի Նահաս, Ահմետ Հըթայթ, Ժումանա Շըլիլա, Մոհամետ Մաթար, Խալիլ Տաղըր, Ռապիը Նաամըթալլա եւ Հիշամ իթանի: Նշուած անուներէն 4-ը նոր ընտրուած են, իսկ 12-ը` վերընտրուած: Անշուշտ մենք կը սպասենք, որ կառավարութիւնը վաւերացնէ այս կազմին ընտրութիւնը եւ նշանակէ 8 անդամներ, որպէսզի անցնինք աշխատանքի:
Հ.- Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի, երկրագործութեան եւ առեւտուրի այս աշխատանքը ծանր բեռ է այս ցանկի իւրաքանչիւր անդամի ուսերուն , ուստի ծրագիրներու իրագործում եւ մեծ աշխատանքներ կը սպասուին ձեզմէ:
Ս. Պ.- Այո՛, ծանր բեռ է անոնց համար, որոնք իսկապէս պիտի շալկեն այս բեռը, որովհետեւ, որքան որ գիտենք, անցեալին կային անդամներ, որոնք ամիսներ շարունակ ներկայութիւն չեն եղած, պալատի աշխատանքներուն չեն մասնակցած, ինչ որ թուլացուցած էր պալատի աշխուժ գործունէութիւնը, յուսանք, որ այս նորակազմը ցանկը կ՛արդարացնէ իրեն վստահուած պարտականութիւնը, մանաւանդ երբ հայութիւնը կը ներկայանայ այս ցանկին մէջ եւ այս մէկը առիթ ըլլայ, որպէսզի փոխուի հայկական մտայնութիւնը պետական հաստատութիւններու հանդէպ: Մենք մեզ աւելի մօտ եւ ներգրաւուած պէտք է զգանք պետական հաստատութիւններուն մէջ, մանաւանդ` պալատի գործերուն, որովհետեւ մենք հոն կը ներկայանանք 500 անդամներով եւ պէտք է այդ խումբը աշխուժացնել, օժանդակութիւններ ու լուսաբանութիւններ տրամադրել, որպէսզի անդամները աւելի ներգրաւուած զգան: Ուրեմն, պալատը կ՛աշխատի յանձնախմբային դրութեամբ, կը գործէ 15 յանձնախումբերով: Ըստ ինծի, այս յանձնախումբերէն կարեւորագոյնն է` «Փոքր եւ միջակ հաստատութիւններու եւ արուեստից պատրաստութեան»-ը, որովհետեւ պալատին անդամակցողներուն մեծամասնութիւնը այս խաւին կը պատկանի: Կարեւոր յանձնախումբ է նաեւ «Առեւտուրի համաձայնութիւններ կնքող» յանձնախումբը. յստակեցնելու համար նշեալ յանձնախումբին կարեւորութիւնը` օրինակ մը տամ. ընտրութեան յաջորդող օրը Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը կապուեցաւ հետս` հաստատելու համար, որ այս ծիրին մէջ միասին պէտք է աշխատիլ, որպէսզի Լիբանանի եւ Հայաստանի տնտեսական կապերը աշխուժացնենք եւ զօրաւոր հիմերու վրայ դնենք. դեսպան Քոչարեան 11 փետրուար 2014-ին հանդիպում մը ունեցաւ Մոհամետ Շուքէյրին հետ` այս մասին խօսելու համար, ուրեմն, կը կարծեմ, թէ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ այս մարզին մէջ սերտ գործակցութիւն կը նախատեսուի:
Հ.- Արդէն նշեցիք, որ տակաւին ստանձնած չէք ձեր գործը, բայց վստահաբար պատկերացում մը ունիք, կամ ծրագիր մը կը փափաքիք իրականացնել, ի՞նչ տեսակի աշխատանքի համար ճիգ պիտի թափէք:
Ս. Պ.- Նախ ես կը փափաքիմ պալատին ընդհանուր գործունէութեան մէջ նոր ուժ մը ըլլալ, աշխատանքի իմաստով` նոր գործելաձեւ մը յայտնաբերել, որպէսզի արդիւնաբեր ըլլայ եւ կուսակցութեան համար փայլուն պատկերի մը արտայայտութիւնը տայ պալատին մէջ: Իսկ ի՛նչ յանձնախումբի մէջ որ ըլլամ, պիտի փորձեմ լիովին ժողովուրդին հրամցնել լաւագոյնը, որպէսզի անոնք ալ այդ յանձնախումբի արդիւնքներէն օգտուին, հայութեան կողքին` նաեւ տարածուիլ համայն Լիբանանի ժողովուրդին, այսինքն` աշխատիլ թէ՛ որպէս Լիբանանի քաղաքացի եւ թէ՛ որպէս լիբանանահայ:
Հ.- Որպէս վերջին խօսք, ի՞նչ կ՛ուզէք ըսել լիբանանահայութեան:
Ս. Պ.- Անգամ մը եւս շեշտեմ, որ իբրեւ լիբանանահայ` դժուարութիւնը պէտք չէ ունենանք լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն մէջ մտնելու, անոնցմէ հեռու պէտք չէ մնալ, որովհետեւ ի վերջոյ գործադիր մարմինի մը հաստատութիւններն են, եւ մենք որպէս հայ պէտք է միշտ փաստենք, որ լաւագոյն գործը կը կատարենք:

