Արցախի Նկարիչներու Ցուցահանդէսը «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» Սրահին Մէջ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Անցեալ տարի առաջին անգամ ըլլալով առիթը ունեցանք Արցախի նկարիչներու գործերը տեսնելու Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ:
Մեր ուրախութիւնը առաւել մեծ է այն գիտակցութեամբ, որ Արցախի ժողովուրդը իր անկախութեան տիրանալէ ետք, ի գին բազմաթիւ հերոսներու արեան ո՛չ միայն գտած էր իր երկրին մէջ արարելու երջանկութիւնը, այլ նաեւ բուժելէ ետք պատերազմի սպիները, ձեռնարկած էր մշակոյթի զարգացման գործին:
Արցախի արուեստագէտներու գործերը ունին բարձր մակարդակ. յաճախ աւելի արժէքաւոր են, քան որեւէ եւրոպական երկրի մը արուեստի նմուշները:
Լիբանանի արուեստասէր ժողովուրդը ըստ արժանւոյն գնահատեց ո՛չ միայն քաջալերելու նպատակով, այլ ըմբոշխնելու Արցախի գեղեցիկ տեսարանները, գեղեցկօրէն նկարուած: Կը յուսանք նոյնը պիտի պատահի այս տարի, հակառակ Լիբանանի տնտեսական դժուար կացութեան:
Այս տարի Արցախը իր պատանի տաղանդաւոր զաւակներով հմայեց նաեւ երաժշտասէր հանդիսատեսները: «Ազդակ» անդրադաձաւ «Արցախ ֆոնտ»-ին կազմակերպած համերգներուն, որոնք տեղի ունեցան «Տէր Մելքոնեան» սրահին, ապա Այնճարի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:
Ներկայ գրութեամբ պիտի անդրադառնանք ցուցադրուած կարգ մը գործերու, սակայն` անմիջապէս ըսինք, որ ներկայացուած բոլոր գործերը նոյնքան հետաքրքրական են:
Արցախի 17 նկարիչներու գործերուն մէջ մեր ուշադրութիւնը յատկապէս գրաւեցին Յովիկ Գասպարեանի նկարները, որոնք` մեր կարծիքով, արուեստի յագեցած գործեր են: Ունին քնարական շունչ:
Գաբրիէլ Սամուէլեանի «Պառաւը եւ իր այծը» ցուցահանդէսի լաւագոյն գործերու շարքին է, թիւ 26: Որպէս համադրութիւն եւ մոխրագոյն գոյներու ներդաշնակութիւն գործը հասած է կատարելութեան:
Նոյնը կրնանք ըսել Արտաշէս Նազարեանի «Երաժիշտը» գործին համար, թիւ 4, եւ Դաւիթ Աւագիմեանի «Թաքնուած իրականութիւն», թիւ 15, իւրայատուկ գործին մասին. այս գործերը ունին յագեցած գոյներով մակերես եւ օրիժինալ համադրութիւն:
Գեղեցիկ գործեր են Լէոնիտ Նազարեանի թիւ 30 «Ծաղիկները»` կանաչներու տարբերակներով, «Վաղ Աշուն», թիւ 31 վրձինի լայն հարուածներով եւ ընդհանրացումով իրագործուած «Լեռները»: Գեղեցիկ գործ մըն է մեղմ գոյներու անցումներով իրագործուած լեռնային բնանկարը` (թիւ 54) Գէորգ Սարգսեանի: Մեր ուշադրութիւնը գրաւեցին Լիանա Քոչարեանի թիւ 58-ը, լուսաւոր տեսարանը, լոյսի եւ ստուերի գոյնային յաջող արուեստով եւ Հրանդ Մնացականեանի «Նաթիւր մորդը» փուշերով, որոնք բաց դեղնաւուն ֆոնի վրայ դարձած են տպաւորիչ:
Ասկարեան Ռոպերթի թիւ 7-ը, «Երազ»-ը, սուր անկիւններով եւ մնացեալ գործերը` ինչպէս Նարեկացիի դիմանկարը, եւ այլն, կը ձգտին դէպի վերացականութիւն: Հետաքրքրական ոճ մը յամենայնդէպս:
Սերգէյ Առստամեանի թիւ 3 «Գանձասարը» գեղեցկօրէն կ՛երեւի` առաջին եւ վերջին բլանի կանաչներուն մէջ: Հայ ճարտարապետութեան գլուխ գործոցը ներշնչած է այլ արուեստագէտներ եւս:
Բաբայեան Զարինէ սէմպոլիզմի մօտեցող երկու գործեր ունի, ուր նաեւ գործածուած է վիթրայի թեքնիքը:
Ընդհանուր առմամբ գեղեցիկ ցուցահանդէս մը: Կը մաղթենք, որ Արցախի մեր արուեստակիցները շարունակեն ներշնչուիլ իրենց հրաշալի բնութենէն, առանց տուրք տալու ապսիւրտի գովաբաններուն:
Պուրճ Համուտ
13/2/2014

