Տիգրանակերտի Մէջ Ցեղասպանութեան Զոհերու Ոսկորներ Յայտնաբերուած Են. «Ակօս»

0222DikranagerdՏիգրանակերտի Չինար գաւառի Զերզեւան ամրոցին մէջ գտնուող ջրամբարին մէջ յայտնաբերուած են 25 մարդոց ոսկորներ, որոնք, ըստ նախնական ուսումնասիրութեան, սպաննուած են 1915 թուականին: Ըստ «Ակօս» թերթին, դատախազութեան եւ Տիգրանակերտի թանգարաններու տնօրէնութեան հնագէտները այդ ոսկորները ուղարկած էին ուսումնասիրութեան: Փաստերը կու գան ապացուցելու, որ ոսկորները կը պատկանին Մարտինի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն սպաննուած հայերուն:

Զերզեւան ամրոցը յայտնի է իբրեւ Մարտինի հայերու կոտորածի հիմնական վայրերէն մէկը եւ շատ յաճախ յիշատակուած է հայ եւ ասորի ականատեսներու յուշերուն մէջ: Զերզեւանի մէջ հայերու սպանութիւնները նկարագրուած են հայր Հիացինտ Սիմոնի «1915. մի քահանայի օրագիր» գիրքին մէջ, ուր կը պատմուի, թէ ինչպէս դահիճները ամրոցին մէջ սպաննեցին հարիւրէ աւելի մարդիկ` դանակներով, փայտերով, քարերով, իսկ յետոյ զանոնք նետեցին փոսը:

Զերզեւանի մէջ մարտինցիներու սպանութիւնները ներկայացուած են նաեւ Իվ Թեռնոնի «Մարտին` 1915» գիրքին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES