Միջինքի Հանդիսաւոր Հանդիպումներ

Լիբանանահայ մեր եկեղեցիները ունին եկեղեցասէր տիկնանց յանձնախումբեր: Անոնց պարտականութիւնն է պատուել աւանդութիւնը` պահքի յատուկ ճաշերով, տիկնանց ձեռքերով պատրաստուած: Եթէ նկատի ունենանք հայ առաքելական եկեղեցիները, կը հաշուենք 13 եկեղեցիներ եւ նոյնքան տիկնանց յանձնախումբեր եւ նոյնքան` միջինքի արարողութիւն: Որպէսզի հերթը ընթանայ կարգապահութեամբ եւ թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան կարենայ ներկայ գտնուիլ յիշեալ հանդիսութիւններուն եւ փոխանցել իր հայրական պատգամը, պահքի առաջին շաբթուան ընթացքին կը սկսին միջինքի հանդիպումները:

Միջինքը Հայաշէնի Սուրբ Յովհաննու
Կարապետ Եկեղեցւոյ Մէջ

Չորեքշաբթի, 5 մարտ 2014-ին հրաւիրուած ենք Հայաշէնի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ տիկնանց վարչութեան կողմէ: Եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ արդէն պատրաստ են պահքի ճաշերու յատուկ սեղանները: Խնամքով կատարուած նուիրեալ աշխատանք մը,  մայրական սիրով համեմուած:

Ներկայ են կարգ մը եկեղեցիներու տիկնանց վարչութեանց ներկայացուցիչները: Կը նախագահէ լիբանանահայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Սրբազանը կատարեց ճաշի աղօթքը եւ օրհնեց ներկաները: Բացման խօսքը վարչութեան անունով ներկայացուց Անահիտ Պչաքճեան, որ շեշտեց կարեւորութիւնը նման հանդիպումներու` յօգուտ Հայ եկեղեցւոյ ծաղկումին եւ մեր աւանդութեանց պահպանման ու փոխանցման նոր սերունդին:

Սրբազանին կ՛ընկերանային ծխատէր քահանան` Վարդան Մարտիրոսեան եւ թաղականութեան ատենապետ Արտաշէս Գասարճեան:

Շահէ սրբազան հրաւիրուեցաւ փոխանցելու իր պատգամը: Սրբազան առաջնորդը գնահատեց եկեղեցասէր տիկնանց ջանքերը, ջերմիկ մթնոլորտի մէջ իրագործուած Միջինքը, որ` «Թէեւ եկեղեցական իմաստով յատուկ իմաստ մը չունի, բայց մեր տիկինները, մեր մայրերը հնարամտութիւնը ունեցած են առիթը օգտագործելու` շէն պահելու Հայոց եկեղեցին`, ըսաւ սրբազանը եւ շեշտը դրաւ այն կարեւոր հարցին վրայ, որ մեր նոր սերունդին հոգեմտաւոր դաստիարակութիւնն է` մեր ազգային արժէքները անոնց փոխանցելու»:

Մտերմիկ այս հանդիպումը ընթացաւ իրաւամբ հաճելին օգտակարին միացնող յայտագիրով, զոր վարեց օրուան հանդիսավար, շնորհալի ասմունքող Մարալ Վարդապետեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա արտասանեց Շահանդուխտի «Գիշերային աղօթք» բանաստեղծութիւնը: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Գէորգ Պաղտասարեանի պատրաստած օրուան պատշաճ երգերով եւ եղանակներով: Սոփրանօ երգչուհի Շաքէ Պաղտասարեան մեներգեց երկու երգ: Օրուան երաժշտական բաժինը ծաղկեցուց նաեւ երիտասարդ երգիչ մը` Նժդեհ Պոտրումեան, որ մեկնաբանեց Սայաթ Նովայի երգերէն փունջ մը: Նոր սերունդի ներկայացուցիչ այս երիտասարդը ունի հաճելի ձայն. ուրախ եղանք, որ ան ընտրած է Սայաթ Նովայի երգերը` իբրեւ իր սրտին խօսող հիանալի հայկական երգ ու երաժշտութիւն:

Յայտագիրը ճոխացաւ Մարալ Վարդապետեանի ներկայացուցած օգտակար գիտելիքներով:

Ներկաներուն փափաքին ընդառաջելով` սրտի խօսք փոխանցելու հրաւիրուեցաւ Շահանդուխտ: Ան գնահատեց Հայաշէնի մեր ժողովուրդը, Հայաշէնը նկատեց լիբանանահայութեան «Մայր թաղամասը», որ կազմուած է ընդհանրապէս արեւմտահայաստանէն ճողոպրած հայու բեկորներով: Եկած են` Էրզրումէն, Մուշէն, Տարօնէն եւ այլ քաղաքներէ եւ գիւղերէ: «Հայաշէն ունեցած է յարգելի եկեղեցականներ, ինչպէս` Բաբգէն եպիսկոպոս Չարեան, առաջնորդ Նոր Ջուղայի թեմի, մտաւորականներ, գրողներ, ինչպէս` Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Գրիգոր Պըլըտեան, որ դասախօս է  Ֆրանսայի մէկ համալսարանին, Խորէն Մղտեսեան եւ բազմաթիւ հայորդիներ, որոնք մնացած են եւ խմբուած` թաղին Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ, ակումբին եւ ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղին շուրջ: Շահանդուխտ նկատել տուաւ, թէ Հայաշէնի փոքրածաւալ տուներու մէջ ծնան սերունդներ, ապրեցան հայօրէն: Հարկ է պահել այս հայաշունչ թաղամասը, որ հեռու մնացած է մակերեսային եւ ցուցամոլ անիմաստ առօրեայէ:

Ներկաները, մեծ մասամբ մեր եկեղեցիներու տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, կատարեցին նուիրատուութիւններ: Հայուհի մը` ՈՄՆ նուիրեց 500$, «Աջին տուածը ձախը չիմանայ» գիտակցութեամբ:

Ներկաները մասնակցեցան օրուան վիճակահանութեան, բախտաւորուեցան նուէրներով:

Յաջողութեան մաղթանքներով բաժնուեցանք Հայաշէնէն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES