Կիներու Միջազգային Օրը
Նորութիւն մը չէ մարտ 8-ին, համաշխարհային մասնակցութեամբ տօնակատարուող այս «Օր»-ը, որ աւելի քան մէկ դար առաջ կը համախմբէր արեւմտեան աշխարհի կիները, միակամ ու կազմակերպ, լսելի դարձնելու իրենց ձայնը` կնոջ համահաւասար իրաւունքներու ճանաչման միջազգային դրօշին տակ: Արդարեւ, 1908-ին, Նիւ Եորքի մէջ, ցուցատախտակներ պարզած 1500 կիներ կը քալէին որպէս պահանջատէր` ի խնդիր աշխատանքի ժամերու կրճատման, թոշակներու յաւելման ու, մինչ այդ իրենց զլացուած, քուէարկելու իրաւունքին: Նոր աշխարհի նոյ՛ն այդ քաղաքին մէջ` ուր երկու տարի ետք, Ակնունիի ջանքերով կեանքի պիտի կոչուէր հայ կիներու կուռ կազմակերպութիւն մը, որ այսօր համայն աշխարհին ծանօթ է որպէս Հայ օգնութեան միութիւն:
Միջազգային ընկերվարական շարժման համընթաց, Կիներու միջազգային օրը ստացաւ համաշխարհային ճանաչում` տարիներու ընթացքին սատարելով կիներու մարդկային եւ ընկերային իրաւունքներու օրինականացման Եւրոպայի եւ ամերիկեան ցամաքամասի յառաջադէմ երկիրներուն մէջ: Հոս, հպարտօրէն կրնանք նշել, թէ այդ երկիրներէն շատերէն առաջ, 1018 թուին, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը արդէն կը հաստատէր սեռերու հաւասարութեան սկզբունքը` քուէարկելու, ընտրելու եւ ընտրուելու անկապտելի իրաւունքներով:
Հակառակ ցարդ իրականացուած յառաջդիմութեան, դեռ երկար ճանապարհ կայ կտրելիք` հասնելու համար օրինականացած սկզբունքներու իսկակա՛ն գործադրութեան` ըլլա՛յ ընկերային ու տնտեսական, ըլլա՛յ քաղաքական մարզերուն մէջ, ուր կիներու իրաւունքները յաճախ կը մնան անտեսուած: Այս ուղղութեամբ, տարիներէ ի վեր, Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, որուն Տնտեսական եւ Ընկերային յանձնաժողովին (ECOSOC) կ՛անդամակցի Հայ օգնութեան միութիւնը, ամէն տարի կը կազմակերպէ Կիներու իրավիճեակի քննարկման միջազգային համաժողով մը, որուն իր գործնական մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ ՀՕՄ-ը:
Այս առթիւ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր լաւագոյն մաղթանքները կը յղէ իր աշխարհասփիւռ միաւորներուն, սփիւռքի թէ հայրենի ոստաններու բազմազբաղ, ժրաջան ու լուռ աշխատանքի լծուած մեր մայրերուն, քոյրերուն եւ դուստրերուն, նոյն ատեն կոչ ուղղելով անոնց` պաշտպան կանգնելու իրենց անկապտելի իրաւունքներուն` յանուն մեր ժողովուրդի ու պետականութեան յառաջադէմ ընթացքին դէպի արդար ու բարգաւաճ ապագայ:

