Հաղորդագրութիւն. «Արցախ Ֆոնտ» Լիբանան 2013 Տարուան Տեղեկագիր

Արցախի վերաշինութեան եւ վերաբնակեցման աշխատանքներու «Լիբանանի Արցախ ֆոնտ»-ը 2013 տարուան ընթացքին մեծ թափով շարունակեց իր երկարամեայ գործունէութիւնը: Համաձայն իր տարիներու սովորութեան, «ֆոնտ»-ը այս հաղորդագրութեամբ կը ներկայացնէ 2013 տարուան ընթացքին իրագործած իր բոլոր ծրագիրները:

Ա.- «Նոր Կեանք, Նոր Յոյս» ծրագիր

Ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման եւ բնակիչներու վիճակի բարելաւման նպաստող «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի ծիրին մէջ 2013-ին բաժնուեցան 95 կովեր` անցնող տարիներու ընթացքին տրուած կովերուն ընդհանուր թիւը հասցնելով 741-ի: Ծրագիրի իրագործման համար նախորդ ամառ Արցախ գործուղուեցան լիբանանահայ խումբ մը երիտասարդներ, որոնք կատարեցին կովերու բաշխումը, ինչպէս նաեւ նախանցեալ տարիներուն բաշխուած կովերու ստուգումները: Յայտնենք, որ սոյն ծրագիրը կարելի եղաւ իրականացնել «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրին համար նախատեսուած կտրօններու սպառումով:

Երիցավանք գիւղի բնակիչ Համլէթ Իժիթեանը իր չորրորդ նորածին երեխային հետ

Երիցավանք գիւղի բնակիչ Համլէթ Իժիթեանը իր չորրորդ նորածին երեխային հետ

 

Բաժնուած Կովեր

2007-8 2009 2010 2011 2012 2013
Մարտակերտ 6 17 10 7 6 9
Մարտունի 9 4 4 2 8 1
Ասկերան 2 3 2 1 2 1
Հատրութ 1 – – 4 3 4
Շահումեան 18 30 63 30 33 16
Քաշաթաղ 56 92 80 57 102 64
Ընդհանուր 86 146 159 101 154 95

Հարկ է յիշել , որ Լեռնային Ղարաբաղի  կառավարութեան առաջարկով ու լիբանանահայութեան անունով, ազատագրուած տարածքին մէջ իւրաքանչիւր երրորդ եւ աւելի նորածիններով բախտաւորուած ընտանիքներուն կթան կով մը կը տրամադրուի:

Բ.- «Գոյք Արցախի Դպրոցներին» ծրագիր

Վեցերորդ տարին ըլլալով իրագործուեցաւ Արցախի կրթութեան նախարարութեան առաջարկով կեանքի կոչուած «Գոյք Արցախի դպրոցներին» ծրագիրը: Այս տարի Քաշաթաղի Կովսական քաղաքի ազգագրական մանկապատանեկան պարախումբին տրամադրուեցաւ մինի պաս մը, զոր պիտի օգտագործուի իբրեւ փոխադրամիջոց Կովսականի շրջակայ գիւղերու պատանիներուն: Լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան հանգանակած խորհրդանշական գումարներով իրականացած այս ծրագիրը հարաւային Քաշաթաղի մշակութային կեանքին մեծ նպաստ կ՛ապահովէ:

Կովսական քաղաքի մանկապատանեկան պարախումբին տրամադրուած մինի պասը

Կովսական քաղաքի մանկապատանեկան պարախումբին տրամադրուած մինի պասը

Գ.- «Ասպետ Ճամբար»

Յաջորդական չորրորդ տարին ըլլալով յուլիս 26-էն օգոստոս 5, լիբանանահայ 9 վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններէն 24 աշակերտներ մեկնեցան Արցախ` մասնակցելու Արցախի կրթութեան նախարարութեան կազմակերպած «Ասպետ» ռազմահայրենասիրական ճամբարին: Մօտ երկու շաբթուան վրայ երկարող այս ճամբարի ընթացքին անոնք ապրեցան հայ զինուորի առօրեան, ինչպէս նաեւ առիթ ունեցան ծանօթանալու իրենց տարեկից արցախցի աշակերտներու եւ արցախեան բանակի ներկայացուցիչներու: Անոնք այցելեցին նաեւ Արցախի պատմական վայրերը:

Դ.- Շուշիի Կեդրոն

«Արցախ ֆոնտ»-ը նախորդ տարուան ընթացքին Շուշիի մէջ ունեցաւ նաեւ իր կեդրոնը` շնորհիւ ամերիկաբնակ Նուպար եւ Մելինէ Գարագաշեան ամոլին, որոնք Շուշիի մէջ իրենց սեփական առանձնատունը, ի յիշատակ իրենց հօր` նուիրեցին «Արցախ ֆոնտ»-ին:

Ե.- Կովսականի Կանանց Համագործակցական

«Արցախ ֆոնտ»-ը օգոստոս 2013-ին Քաշաթաղի Կովսական քաղաքին մէջ հիմնեց կիներու համագործակցական մը` նպատակ ունենալով շրջանի կիները մղել զանազան տեսակի ձեռարուեստներու հաւաքական աշխատանքի, նիւթական ապահովելու եւ ընկերային մթնոլորտ ստեղծելու համար:

Զ.- «Արցախ ֆոնտ»ի Ռատիոթոն

Երկրորդ տարին ըլլալով «Արցախ ֆոնտ»-ը մայիս 9-ին կատարեց իր տարեկան դրամահաւաքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ հայորդիներ, եւ որմէ գոյացած գումարով կարելի եղաւ իրականութիւն դարձնել յիշեալ ծրագիրները:

Լիբանանահայութիւնը իր հաւաքական ու հետեւողական անվերապահ ներդրումով մասնակից կը դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կայացման եւ հզօրացման համահայկական գործին:

«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ» ԼԻԲԱՆԱՆ

Share this Article
CATEGORIES