Ռուսիոյ Բաժակի Մրցաշարք. Սպարտակ Պարտուեցաւ Բ. Դասակարգի Խումբէն Եւ Լքեց Պայքարը

Ռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-8-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Սպարտակ Մոսկուա, որ մրցեցաւ Գ. դասակարգի կազմերէն Թոսնոյի դէմ, 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք դուրս մնաց մրցաշարքէն:

Երկարաձգման ընթացքին (113-րդ) Վալենթին Ֆիալթովի նշանակած կոլին շնորհիւ Թոսնօ յաջողեցաւ ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստներ Եուրա Մովսիսեան եւ Արազ Օզպիլիս հիմնական կազմին հետ դաշտ ներկայացան: 71-րդ վայրկեանին Մովսիսեան փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, մինչ Օզպիլիս մրցումը շարունակեց մինչեւ անոր աւարտը, կը յայտնէ ArmSport.am:

Share this Article
CATEGORIES