«Ֆորմիւլա-1»-ի Փուլերէն Մէկը Պիտի Կատարուի Ազրպէյճանի Մէջ

Պեռնի Էքլըսթըն
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ «Ֆորմիւլա-1»-ի ղեկավար Պեռնի Էքլըսթըն ստորագրած է համաձայնագիր մը, ըստ որուն, այդ մրցումին փուլերէն մէկը տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ:
Ըստ Էքլըսթընի, Ազրպէյճանի կրան փրին տեղի պիտի ունենայ 2015-ին կամ 2016-ին:
«Մենք Ազրպէյճան կ՛երթանք: Այնտեղ կը խօսին արշաւը 2015-ին կայացնելու մասին: Հաւանաբար ատիկա չափազանց կանուխ է, սակայն հաւանականութիւն կայ: Սակայն աւելի հաւանական է, որ փուլերէն մէկը տեղի ունենայ 2016-ին», յայտարարած է Էքլըսթըն:
Այս տարուան հոկտեմբերին «Ֆորմիւլա-1»-ի փուլերէն մէկը առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ Սոչի քաղաքին մէջ: Ախոյեանութեան օրացոյցը կազմուած է 19 փուլերէ: Ապագային կը սպասուի տարեկան 22 փուլ:
Օրացոյցին վրայ ընդգրկուելու կը յաւակնին, Ազրպէյճանէն բացի Թայլանտը, Հարաւային Ափրիկէն, Յունաստանը, Արժանթինը եւ Մեքսիքան:

