«Առանց Իրանի Քաղաքական Կամքին` Շրջանին Մէջ Կայունութիւն Պիտի Չըլլայ» Ըսաւ Ռուհանի

Հասան Ռուհանի
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի նահատակներու օրուան նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին ըսած է, որ առանց Իրանի մասնակցութեան եւ քաղաքական կամքին` շրջանին մէջ կայունութեան հաստատում կարելի չէ:
Ռուհանի Իրանը անուանած է շրջանի ամէնէն ուժեղ պետութիւնը:
«Որոշ ժամանակ թշնամին կը մտածէր, թէ Իրանը թոյլ երկիր է, եւ կրնայ զայն ոչնչացնել, սակայն այժմ բոլորին յայտնի է, որ Իրանը շրջանի հզօրագոյն պետութիւնն է», ըսած է ան:
Վերջին ամիսներուն հիւլէական ծրագիրներու վերաբերեալ յաջողութիւններու արձանագրումէն ետք Ռուհանի խոստացած է, որ յաջորդ տարի եւս (Իրանի մէջ նոր տարին կը սկսի 21 մարտին) այդ մարզին մէջ որոշակի աշխատանքներ տեղի պիտի ունենան:
CATEGORIES Միջազգային

