Թալեպանները Կը Սպառնան Ձախողեցնել Աֆղանիստանի Նախագահական Ընտրութիւնները
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Թալեպան շարժումը մտադիր է խափանել 5 ապրիլին Աֆղանիստանի մէջ նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնը եւ երկրին քաղաքացիները նախազգուշացուցած է` անձնական անվտանգութեան նկատառումներով այդ օր չերթալ քուէարկութեան կեդրոններ:
Թալեպաններու բանբեր Զապիալլա Մոճահետի հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ. «Աֆղանիստանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւնը Ամերիկայի դաւադրութիւնն է: Ուստի երկրի բնակչութիւնը պէտք է ամբողջովին մերժէ ընտրութիւնը եւ չվտանգէ իր կեանքը` գալով քուէարկութեան կեդրոններ»:
Ան չէ ճշդած, որ շարժումի զինեալները ի՛նչ ձեւով կը պատրաստուին քուէարկութիւնը խափանել:
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը յիշեցնէ, որ 9 մարտին 20 զոհ եւ աւելի քան 10 վիրաւոր արձանագրուած էր Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական շարք մը գործողութիւններու եւ զինեալներու յարձակումներուն պատճառով: Ատոր ի պատասխան, ինչպէս հաղորդած է «Փաժվաք» գործակալութիւնը, անվտանգութեան ուժերը Հալմանտ նահանգին մէջ Թալեպան շարժումի զինեալներուն դիրքերուն դէմ ընդարձակ յարձակումի ձեռնարկած են:

