Իրանն Ու Ռուսիան Երկու Նոր Հիւլէական Կայան Կառուցելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Iran-nuclear-power-plantԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիան ու Իրանը վերջինիս տարածքին մէջ երկու հիւլէական կայան կառուցելու մասին նախնական համաձայնութիւն գոյացուցած են:

Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Պեհրուզ Քամալվանտի յայտնած է, որ «Ռոսաթոմ»-ի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղած է համաձայնութիւն գոյացնել Իրանի եւ Մոսկուայի միջեւ հիւլէական համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման մասին. այդ համագործակցութիւնը սկսած է 1992-ին ստորագրուած համաձայնագիրով:

Համաձայնութիւնը պիտի ստորագրուի Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան ղեկավար Ալի Աքպար Սալեհիի եւ «Ռոսաթոմ»-ի ղեկավար Սերկէյ Քիրիենքոյի միջեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES