Էրտողան Ընդդիմութիւնն Ու Լրատուամիջոցները Կ՛ամբաստանէ Քաղաքապետական Ընտրութիւններէն Առաջ Փողոցը Ահաբեկելու Յանցանքով
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ընդդիմութիւնը, լրատուամիջոցներն ու գործարար շրջանակը ամբաստանեց 30 մարտին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն առաջ «փողոցը ահաբեկելու» յանցանքով:
Մերսինի մէջ բազմութեան մը առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ էրտողան ըսաւ. «Անոնք կը փորձեն արդիւնք ձեռք բերել փողոցը գրգռելու եւ ահաբեկելու ճամբով»:
Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած էին լայնածաւալ ցոյցեր, որոնց ընթացքին ոստիկանութեան հետ բախումներ արձանագրուած էին:
Չորեքշաբթի գիշեր Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած զանգուածային բողոքի ցոյցի մասնակիցները հրկիզած են Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համակարգող կեդրոնը:
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ անցեալ ամրան տեղի ունեցած ցոյցերուն ժամանակ վիրաւորուելով մահաքունի մէջ մտած եւ երեք օր առաջ մահացած 14-ամեայ Պերքին Էլվինի յուղարկաւորութենէն ետք յուղարկաւորութեան մասնակիցները որոշած են ուղղուիլ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակ: Ոստիկանութիւնը փակած է անոնց ճամբան: Օգտագործելով ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ, ոստիկանութիւնը փորձած է խանգարել անոնց երթը: Ոստիկանութեան գործողութիւններէն զայրացած խումբ մը ցուցարարներ հրկիզած են Թաքսիմի մօտ գտնուող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համակարգող կեդրոնը, որ մեծ վնաս կրած է:
Չորեքշաբթի գիշեր Թուրքիոյ 32 քաղաքներուն մէջ բողոքի բազմամարդ ցոյցեր տեղի ունեցած են` կապուած Էլվինի մահուան հետ: Մեծագոյն ցոյցերը տեղի ունեցած են Պոլսոյ, Անգարայի եւ Իզմիրի մէջ:

