«ԵՈՒՐՈՓԱ ԼԻԿ». ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ 1-16-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԵՐԹԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ
«Եուրոփա Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի պիտի ունենան հետաքրքրական ճակատումներ, մանաւանդ հիւրընկալ խումբերուն համար, որպէսզի դարձի մրցումներուն անոնք դժուարութիւններու չհանդիպին:
Նշենք, որ Հոլանտա ունի երեք ներկայացուցիչ, մինչ Անգլիա եւ Փորթօ` երկու: Այլ երկիրներ, որոնց կարգին` Գերմանիա, Սպանիա եւ Ֆրանսա, ունին մէկական ներկայացուցիչ: Իտալական խումբերը բացակայ են այս հանգրուանէն:
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԺԱՄ
Պայէր Լեւերքուզըն – Վիարէալ 20:00
Պրակա – Լիվըրփուլ 20:00
Մոսկուայի Բանակայիններ – Փորթօ 20:00
Փ. Ս. Վ. Այնտհովըն – Ռէյնճըրզ 20:00
Այաքս Ամսթերտամ – Սպարտակ Մոսկուա 22:05
Պենֆիքա – Փարիզ Սեն Ժերմեն 22:05
Տինամօ Քիեւ – Մանչեսթըր Սիթի 22:05
Թվենթէ – Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ 22:05