Շապթինի – Ժոմպլաթ Հանդիպում
Գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց Լեռնալիբանանը լքած քաղաքացիներուն տունդարձի կարելիութիւնները եւ անլոյծ հարցերը լուծելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին Շապթինի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է բոլոր գումարները ապահովել եւ ամէնէն արագ միջոցին առկախ մնացած բոլոր թղթածրարները փակել:
Իր կարգին, Ժոմպլաթ յաջողութիւն մաղթեց նախարարին` անոր ստանձնած առաքելութեան համար:
Միւս կողմէ, Շապթինի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը նախընտրէ, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ Դիմադրութիւն եզրը եւ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը չնշուին, եւ կը փափաքի, որ խնդրայարոյց բոլոր թղթածրարները փոխանցուին Ազգային երկխօսութեան նիստին:
Ան մաղթեց, որ կառավարութիւնը վաւերացնէ աշխատանքային իր ծրագիրը, որպէսզի կարելի ըլլայ անցնիլ նախագահական ընտրութեան կազմակերպումին:

