Ռայի Պատրիարքը Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ Կը Կատարէ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին Ռայի պատրիարքը քննարկեց կառավարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ ընդգծեց լիբանանեան պետութիւնը փրկելու եւ ազգային շահերը ապահովելու ի խնդիր ջանքեր թափելու կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց աշխատանքի եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարարներ Սըժաան Քազզին եւ Ալեն Հաքիմը, որոնց հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Պքերքէի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարարներ Շարլ Ռըզք եւ Իպրահիմ Տահեր:

Share this Article
CATEGORIES