Թրիփոլիի Մէջ Զինեալ Բախումները Դարձեալ Ծայր Առին

Երէկ կէսօրէ ետք Թրիփոլիի մէջ ծայր առին զինեալ բախումները, որոնք պատճառեցին զոհեր եւ վիրաւորներ:

Զինեալ բախումները դարձեալ պատահեցան նոյն շրջաններուն մէջ, որոնք են Ժապալ Մըհսենը եւ Պապ Թըպպանէն: Աւելի ուշ բախումներ լսուեցան նաեւ Մանքուպինի, Ռիվայի եւ Պաքքարի մօտակայ շրջաններուն մէջ:

Զինեալ բախումներուն կողքին սկսաւ նաեւ արձակազինութիւնը, որուն պատճառով սպաննուեցան երկու քաղաքացիներ եւ վիրաւորուեցան 25 ուրիշներ:

Բանակը որոշ դիրքերու վրայ կրակ բացաւ` հակադարձելով կրակողներուն, իսկ աւելի ուշ ան ստիպուեցաւ Թրիփոլին Պատտաուիի եւ Աքքարի միացնող մայրուղին փակել` պահպանելու համար քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:

Բանակը նաեւ խստացուց իր հսկողութիւնը զինեալ բախումներուն մօտակայ շրջաններուն մէջ:

Երեկոյեան Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումները աւելի եւս սաստկացան եւ գնդացիրներով արձանագրուած բախումները վերածուեցան հրթիռներով եւ նռնականետերով կատարուող յարձակումներու:

 

Share this Article
CATEGORIES