Մըքքէյն. «Հըզպալլա Մեծ Դերակատարութիւն Ունեցաւ Սուրիոյ Մէջ Ուժերու Հաւասարակշռութիւնը Փոփոխութեան Ենթարկելու Իմաստով»

Ճոն Մըքքէյն

Ճոն Մըքքէյն

Ամերիկացի ծերակուտական Ճոն Մըքքէյն յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութեան չափաւորական թեւին կարելի է վստահիլ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող քաղաքացիական պատերազմը վերածուած է շրջանային տագնապի:

«Այս շրջագիծին մէջ Հըզպալլա մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Սուրիոյ մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու իմաստով», շեշտեց Մըքքէյն:

Մըքքէյն ցաւ յայտնեց, որ Սուրիական ազատ բանակը բաւարար զէնք եւ զինամթերք չունի պատերազմը աւելի հզօր կերպով շարունակելու համար:

Share this Article
CATEGORIES