Ա. Նազարեան Ընդունեց Սիմոն Ապի Ռամիան
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան, որուն հետ քննարկեց Ժիպէյլի կարիքները:
Քննարկուեցան նախարարութեան կողմէ մշակուած Ժիպէյլի բարգաւաճման յատուկ ծրագիրները գործադրելու մանրամասնութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան

