Պըրրի Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակումին Մէջ Ներդրում Ունենալու

Դեսպան Ֆլեչըր եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ֆլեչըր յայտնեց, որ Բրիտանիա կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին եւ անոր կայունութեան:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակումին մէջ ներդրում պիտի ունենայ:
Ան ընդգծեց, որ ինք պիտի խորհրդակցի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ` աշխատանքային ծրագիրը վաւերացնելու նպատակով տարբեր լուծումներ գտնելու:
Պըրրի հաստատեց, որ եթէ պէտք ըլլայ, ինք պիտի հետեւի շաբաթ, կիրակի եւ երկուշաբթի օրերուն ընթացքին կառավարութեան գումարելիք նիստերուն` աւելցնելով, որ երկրին սահմանադրութիւնը կառավարութեան կը պարտադրէ իր աշխատանքային ծրագիրը ներկայացնել կազմուելէն 30 օր ետք եւ ոչ թէ 30 օր ետք խորհրդարանին վստահութեան քուէն ստանալ, «հետեւաբար, եթէ կարիք ըլլայ ես պատրաստ եմ մինչեւ երկուշաբթի կէս գիշեր սպասելու», աւելցուց ան:

