Պաապտայի Մէջ Լիբանանեան- Ֆինլանտական Վեհաժողով

Նիինիսթօ եւ Սլէյման` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Նիինիսթօ եւ Սլէյման` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ֆինլանտայի նախագահ Սաուլի Նիինիսթոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ աւելի ընդարձակ հանդիպում, որուն մասնակցեցան լիբանանեան եւ ֆինլանտական պատուիրակութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Սլէյման եւ Նիինիսթօ նախագահական պալատին մէջ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կատարեցին յայտարարութիւններ:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց Ֆինլանտայի հետ տնտեսական յարաբերութիւններն ու առեւտուրը բարելաւելու հեռանկարները, յատկապէս քարիւղի մարզին մէջ:

Ան ընդգծեց, որ հանդիպումին ընթացքին հաստատուած է Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտուած բազմազանութիւն վայելող երկիրներուն մէջ ազգային երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ արդարութեան կարեւորութիւնը` իբրեւ պայման խաղաղութիւն եւ ապահովական կայունութիւն հաստատելու:

Ան նշեց, որ Նիինիսթոն տեղեակ պահած է Լիբանանի հասած սուրիացի գաղթականներուն ծախսերուն մասին` 30 սեպտեմբեր 2013-ին գոյացած տուեալներէն:

Այս ծիրին մէջ նախագահ Սլէյման ըսաւ, որ սուրիացի գաղթականները պէտք է վերադառնան Սուրիոյ ապահով շրջանները:

Միւս կողմէ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆինլանտային` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմելու եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան առաքելութեան մասնակցելու առիթով:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու եւ Մատրիտի խորհրդաժողովին սկզբունքները յարգելու կարեւորութիւնը:

«Լիբանանի դէմ իսրայէլեան որեւէ նոր յարձակում կամ բռնագրաւում աննախատեսելի է, որովհետեւ Լիբանանը այլեւս Իսրայէլի բերնին համար կուլ տրուելու փոքր պատառ մը չէ, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին դերակատարութեան մէջ կ՛իյնայ արգիլել իսրայէլեան որեւէ յարձակում: Այս յանձնառութիւնը բարոյական է, միջազգային, ազգային եւ լիբանանեան», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Իր կարգին, Սաուլի Նիինիսթօ ողջունեց նախագահ Սլէյմանի վարած քաղաքականութիւնը` դրուատելով լիբանանեան-ֆինլանտական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը, որոնք մեծ յաջողութիւններ կրցած են ապահովել:

Ան նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդումը խոստմնալից է ապագայի իմաստով` աւելցնելով, որ Լիբանանի ունեցած քարիւղի եւ բնական կազի պահեստը կրնայ ֆինլանտական ընկերութիւնները մղել Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելու եւ ընկերութիւններ հաստատելու:

Նիինիսթօ յայտնեց, որ Ֆինլանտա յանձնառու է ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն իր մասնակցութիւնը շարունակելու եւ իր առաքելութիւնը կատարելու հարաւային Լիբանանի մէջ:

Ան ընդգծեց, որ այս յանձնառութեան նպատակն է պայքարիլ` Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը պահպանելու եւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու:

Մամլոյ միացեալ ասուլիսէն ետք Պաապտայի մէջ Նիինիսթոյի ի պատիւ սարքուեցաւ  ճաշկերոյթ մը, որուն ներկայ գտնուեցան լիբանանեան իշխանութեան պետեր, պետական եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, հոգեւորականներ եւ զինուորականներ:

Ճաշկերոյթէն առաջ նկատելի դարձաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի միջեւ կատարուած դռնփակ հանդիպումը:

Share this Article
CATEGORIES