Կառավարութիւնը Չյաջողեցաւ Եզրակացութեան Յանգիլ Աշխատանքային Ծրագիրին Շուրջ. Սալամ Փափաք Յայտնեց Հրաժարելու Գծով, Բայց Առիթ Ընձեռեց Յաւելեալ Խորհրդակցութիւններու

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Երէկ գիշերուան ժամը շուրջ 11:00-ին կառավարութիւնը փակեց իր նիստը` իր աշխատանքային ծրագիրին մշակման շուրջ քննարկումը շարունակելու համար այսօր: Ան իր նիստերը բաց յայտարարեց:

Ժողովի աւարտէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ ներկայացուց ժողովին ընդհանուր մթնոլորտը եւ նշեց, որ ժողովին ընթացքին նախարարները քննարկեցին աշխատանքային ծրագիրին մէջ առկախ մնացած հարցին վերաբերող զանազան պատկերացումներ: Այնուհետեւ վարչապետ Սալամ փափաք յայտնեց հրաժարելու, սակայն նախագահ Սլէյման եւ կարգ մը նախարարներ վարչապետէն խնդրեցին համբերել այս որոշումը տալու իմաստով: Սալամ ընդառաջեց խնդրանքին` առիթ ընձեռելով յաւելեալ հաղորդակցութիւններու:

Կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նշենք, որ կէսօրէ ետք ժամը 3:15-ին, Պաապտայի մէջ իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որ տեւեց հինգ վայրկեան:

Կառավարութեան քննարկելիք միակ օրակարգը իր աշխատանքային ծրագիրն էր, որուն համար նշանակուած նախարարական յանձնախումբը նախապէս գումարած էր տասը նիստ եւ ձախողած` վերջնական կերպով մշակուած աշխատանքային ծրագիրի մը յանգիլ, Դիմադրութեան շուրջ համաձայնութեան մը չյանգելուն պատճառով:

Նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ բոլոր լիբանանցիներուն համար յստակ է, թէ տարակարծութիւնը մէկ նիւթի շուրջ կը կեդրոնանայ` աւելցնելով, որ լիբանանցիները իրենց յոյսերը դրած են կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին վրայ:

Հետեւաբար ան մաղթեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը երէկ գիշեր իսկ վաւերացուի:

Նիստին ընթացքին ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի անունով առաջարկեց Դիմադրութեան բանաձեւումի տարբերակ մը, որուն շուրջ լուրջ քննարկումներ կատարուեցան: Սակայն աւելի ուշ նախարարներուն միջեւ դարձեալ դրսեւորուեցաւ անհամաձայնութիւն, որուն լոյսին տակ սպրդեցան այնպիսի լուրեր, թէ վարչապետ Սալամ արդէն իսկ կը մտածէ հրաժարելու մասին:

Այս մթնոլորտին մէջ նիստը ընդհատուեցաւ, եւ տեղի ունեցան կողմնակի խորհրդակցութիւններ, որոնց ընթացքին քաղաքական տարբեր ուժեր ներկայացնող նախարարներ Սալամէն խնդրեցին չհրաժարիլ:

Գիշերուան ժամը 10:00-ին, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ վերադարձան նիստին սրահը, ուր դահլիճի ժողովը վերսկսաւ:

 

Share this Article
CATEGORIES