Միացեալ Նահանգներու Ուայոմինկ Նահանգը Ազրպէյճանամէտ Բանաձեւին Դէմ Քուէարկած Է
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ուայոմինկ նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը 35 դէմ եւ 25 թեր ձայներու յարաբերակցութեամբ դէմ քուէարկած է ազրպէյճանամէտ բանաձեւի որդեգրման:
Բանաձեւը չընդունելու հիմնական պատճառը Պաքուի կողմէ խօսքի ազատութեան եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ ճնշումներն են:
Մերժուած բանաձեւին մէջ կը նշուէր «Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան կարեւորութեան եւ հետագային երկու դաշնակից պետութիւններու յարաբերութիւններու ամրապնդման անհրաժեշտութեան մասին»:
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը կ՛աւելցնէ, որ այսպիսով Ուայոմինկ միացաւ Հաուայեան կղզիներուն եւ Հարաւային Տաքոթային` այն նահանգներուն, որոնք դէմ քուէարկած են ազրպէյճանամէտ բանաձեւերու որդեգրման:
CATEGORIES Հայկական

