Հայաստան Պիտի Մասնակցի Մաքսային Միութեան Նոր Օրէնսգիրքի Մշակման Աշխատանքներուն

Կոշին եւ վարչապետ Սարգսեան

Կոշին եւ վարչապետ Սարգսեան

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ ընդունեց մաքսային համագործակցութեան հարցերով Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի անձնակազմի անդամ-նախարար Վլատիմիր Կոշինը:

Վարչապետը հիւրին հետ քննարկեց Մաքսային միութեան եւ եւրասիական միասնական տնտեսական տարածքին Հայաստանի անդամակցութեան հոլովոյթին ծիրին մէջ մաքսային համագործակցութեան եւ մաքսային օրէնսդրութեան վերաբերող հարցեր:

Պատասխանատու նախարարութիւններու ներկայացուցիչները կառավարութեան ղեկավարին զեկուցեցին այդ ուղղութեամբ տեղի ունեցած քննարկումներու արդիւնքներու մասին: Վլատիմիր Կոշին մանրամասնութիւններ ներկայացուց Մաքսային միութեան մաքսային նոր օրէնսգիրքի մշակման վերաբերեալ, որ ուժի մէջ կը մտնէ յաջորդ տարի: Հոլովոյթը կը համակարգէ Մաքսային միութեան անդամ երեք երկիրներու փոխնախարարներու մակարդակով գործող աշխատանքային խումբը, որուն աշխատանքներուն այսուհետեւ կողմերու համաձայնութեամբ կը մասնակցին նաեւ հայկական կողմի ներկայացուցիչները:

Աշխատանքային խումբի հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 17 մարտին` Մոսկուայի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES