Պատասխանելով Վլատիմիր Ժիրինովսքիի Յայտարարութեան. «Արցախի Ժողովուրդը Վաղուց Իր Որոշումը Տուած Է» Ըսաւ Դաւիթ Բաբայեան

Դաւիթ Բաբայեան
Պատասխանելով Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքիին, որ ռուսական լրատուական ծառայութեան տուած իր հարցազրոյցին կարծիք յայտնած էր, թէ Արցախի ընդգրկումը Ռուսիոյ կազմին մէջ լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլայ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան «Կալա»-ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ «Արցախի ապագան Արցախի ժողովուրդը, մենք արդէն վաղուց որոշած ենք եւ ըսած ենք այդ մասին ի լուր աշխարհի: Արցախի Հանրապետութիւնը անկախ ժողովրդավարական պետութիւն է, եւ այդպէս ալ կը տեսնենք մեր ապագան` ի հարկէ բարձր կարգով համարկուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համայն հայութեան հետ: Ասիկա է միայն պետականաշինութեան հիմքին մէջ»:
Ժիրինովսքի ըսած էր, որ «Հայաստանն ու Ազրպէյճանը Ղարաբաղի հարցով երբեք համաձայնութեան պիտի չգան: Այդ իսկ պատճառով ամէնէն լաւ տարբերակը պիտի ըլլայ անիկա եւս Ռուսիոյ կազմին մէջ մտցնելը: Այդ ժամանակ հայերն ալ պիտի չնեղանան, իսկ ազրպէյճանցիներն ալ ստիպուած պիտի ըլլան հաշտուելու, քանի որ Ղարաբաղը չի մնար Հայաստանի, այլ կը մտնէ Ռուսիոյ կազմին մէջ»:
Դաւիթ Բաբայեան, անդրադառնալով «հայերն ալ պիտի չնեղանան» արտայայտութեան, ընդգծեց. «Ի հարկէ միջազգային օրէնքի համաձայն, որեւէ պետութիւն չի կրնար որոշել այլ պետութեան մը ճակատագիրը: Բնական է, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման խնդիրն է: Արցախի ժողովուրդը որոշած է, որ անկախ պետութիւն կը կառուցէ` այն ալ երկու հանրաքուէներով. ատիկա մեր ժողովուրդին կամքն է, եւ ներկայ դրութեամբ որեւէ էական փոփոխութիւն այդ տեսլականի չկայ»:

