«Չորս Խորհրդարանական Ուժերուն Համար Առաջնորդի Ընտրութիւնը Առաջնային Հարց Չէ» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

Աղուան Վարդանեան

Աղուան Վարդանեան

ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանի համար յստակ չէ, թէ խորհրդարանական չորս քաղաքական ուժերու համախմբման իբրեւ արդիւնք իշխանութիւնները ի՛նչ իրավիճակի մէջ պիտի գտնուին, սակայն ակնյայտ է, որ երկրի ղեկավարութիւնը պէտք է մտահոգուի Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակով:

Ինչ կը վերաբերի այն կէտին, որ ընդդիմադիր ուժերը ու իշխանութեան ներկայացուցիչները տուեալ պահուն կը շարունակեն «քաղաքավար յայտարարութիւններ» ընել իրարու հասցէին, ապա Վարդանեան կը հաւատայ, որ համագործակցութեան ուղիներու որոնման հոլովոյթ տեղի կ՛ունենայ եւ անոր տակ յետին նպատակներ պէտք չէ փնտռել. «Երկրին մէջ իրավիճակը այնպիսին է, որ փոփոխութիւնները անհրաժեշտ են: Մեր նպատակն է իրավիճակէն ելք փնտռել: Մենք չորս տարբեր կուսակցութիւններ ենք` տարբեր մօտեցումներով, սակայն այժմ կարեւոր է, որ գտնենք այն խնդիրներն ու անոնց լուծումները, որոնք կը միաւորեն մեզի ու այդ ձեւով աւելի լայն համագործակցութեան համար հիմք ստեղծենք: Իշխանութեան խնդիրն է, թէ ինչպէ՛ս կը վերաբերի ատոր նկատմամբ: Հակառակ անոր, որ իշխանութիւնը կը փորձէ ցոյց տալ, որ անսասան է, սակայն անոնք ալ իրենց հոգիի խորքին մէջ գիտեն, որ փոփոխութիւնները անհրաժեշտ են», ընդգծեց Վարդանեան:

Անդրադառնալով համախմբուած քաղաքական ուժերու առաջնորդի մասին հարցումին` ան նշեց, որ այս պարագային ատիկա երկրորդական խնդիր է, երկրին մէջ կան արդիական հարցեր, որոնք պէտք է լուծում ստանան, որմէ ետք նոր քաղաքական իրավիճակ կը ստեղծուի: «Այդ ժամանակ ալ քաղաքական ուժերը կը զբաղին առաջնորդի ընտրութեան հարցով: Պէտք է համակարգային փոփոխութիւններ կատարենք, որպէսզի նոր իշխանութիւնը հին սխալները չկրկնէ», աւելցուց Վարդանեան:

Share this Article
CATEGORIES