Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Ապրիլին Պիտի Այցելեն Հայաստան Եւ Ազրպէյճան

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը երէկ տարածեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ժաք Ֆոր (Ֆրանսա) եւ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ) 22 փետրուարէն 11 մարտ Փարիզի եւ Մոսկուայի մէջ կատարեցին շարք մը հանդիպումներ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ:

Հանդիպումներուն մասնակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք: Համանախագահները շարունակեցին աշխատանքը արտաքին գործոց նախարարներուն հետ այն հարցերուն շուրջ, որոնք արծարծուած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի նոյեմբեր 2013-ին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին:

Համանախագահները վերահաստատեցին չլուծուած հարցերը կարգաւորելու եւ հոլովոյթը յառաջ տանելու մտադրութիւնը: Համանախագահները ընդգծեցին շարունակուող համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ համաձայնեցան, որ խաղաղութեան հոլովոյթի յառաջխաղացքին համար անհրաժեշտ են բարձր մակարդակով նոր բանակցութիւններ: Համանախագահները մտադիր են յաջորդ ամսուան ընթացքին այցելել շրջան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES