Թուրքիոյ Մէջ Մտադիր Են Շարք Մը Եկեղեցիներ Վերականգնել
«Հայ Թերթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը որոշած է վերականգնել Թուրքիոյ տարածքին գտնուող շարք մը եկեղեցիներ: Լայնածաւալ ծրագիրին նպատակը զբօսաշրջութեան զարգացումն է:
Եկեղեցիներ պիտի վերանորոգուին Իզմիրի, Ատանայի, Էրզրումի եւ Արդուինի մէջ:
Վերակառուցուելիք պատմական շինութիւններուն շարքին են նաեւ վանական համալիրներ, մենաստաններ:
Թուրք պաշտօնեաները համոզուած են, որ քրիստոնէական պատմական շինութիւններու վերակառուցման իբրեւ արդիւնք էապէս պիտի աւելնայ կրօնական նպատակներով Թուրքիա այցելողներու թիւը եւ զբօսաշրջութիւնը շահ պիտի ապահովէ:
CATEGORIES Հայկական

