Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ունիք ընտանեկան եւ անձնական պարտականութիւններ: Խոհեմութեամբ կրնաք իրագործել երկուքն ալ` առանց մէկը միւսին խառնելու: Հանդարտ եղէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դրամատնային ձեր պարտականութիւնը կատարեցէք: Ժամանակը եկած է հաշուի նստելու դուք ձեզի հետ, թէ որքան ծախսած էք ձեր շահածին դիմաց:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Քանի մը պարտականութիւն նոյն ատեն ստանձնելը անշուշտ կը յոգնեցնէ, բայց պիտի կարենաք ձեւը գտնել` ժամանակը օգտագործելու եւ յաջողելու:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Սիրային հանդիպում մը պիտի ունենաք` առանց նախօրօք այդ մասին մտածելու: Բախտը յաճախ ինքը կը հանդիպի ձեզի` առանց ժամադրութեան: Օգտուեցէք առիթէն:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բնութիւնը ձեր մտահոգութիւնները փարատելու վայրն է: Արձակուրդ մը շնորհեցէք դուք ձեզի, որպէսզի թեթեւնայ ձեր մտահոգութիւնը: Կեանքը ընկերն է բնութեան, յարգեցէք զայն սիրելի ընկերոջ մը նման:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Արուեստի վերաբերեալ յանձնառութիւն մը ստանձնած էք: Թէեւ դիւրին խոստում մը չէ ձեր տուածը, բայց շնորհիւ ձեր ճարտարութեան` պիտի կարենաք գոհացնել ձեզմէ աշխատանք պահանջողները, իսկ դուք պիտի ունենաք հոգեկան գոհունակութիւն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի հաւատաք բոլոր ժպտողներուն, հաւատացէք անոնց իրագործումին: Գործնական մնացէք, միշտ գետնի վրայ եւ ոչ` երազկոտ: Դիւրահաւան ըլլալը ընդհանրապէս ի նպաստ ուրիշին կ՛ըլլայ, մնացէք խոհեմ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ամէն փայլուն բան ոսկի մի՛ կարծէք: Կեղծն ու իրականը ճշդելու պիտի ստիպուիք, հետեւաբար վաղուան ձգեցէք այսօրուան գործը, կը շահիք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընտանի անասուններ պահելու համար հարկ է հետեւիք անոնց մաքրութեան եւ պարբերաբար անասնաբուժին քննութեան ենթարկեցէք զանոնք: Ձեր առողջութեան հսկեցէք լուրջ կեցուածքով:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր սպասած անձը պիտի չգայ, ձեր ժամադրութիւնը պիտի յետաձգուի առանց պատճառի: Սպասեցէք, որ ձեր բարեկամը ինք բացատրութիւն տայ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Տօնական առիթի մը համար հրաւէր մը պիտի ստանաք: Առանց այլեւայլի ընդունեցէք հրաւէրը` շնորհաւորելու համար յաջողութիւն մը: Օրը հաճելի է:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կեանքը ծովու կը նմանի, լաւ լողալ գիտցողը կը յաջողի: Աննշան ձախողութեան մը պատճառով ձեր օրը վատ մի՛ նկատէք: Առողջ մտադրութեամբ դիմաւորեցէք պատահարները, առանց ջղագրգռութեան:

Share this Article
CATEGORIES