50 Տարի Առաջ
Ուխտի Օրը
Անթիլիասի Մէջ
Երէկ` կիրակի, 15 մարտ 1964, Անթիլիասի Ուխտի օրը տօնակատարուեցաւ աւանդական հանդիսութիւններով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:
Հայաստանեայց Ս. եկեղեցին անգամ մը եւս փառաւորուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Վիրամուտի տօնին առթիւ:
Հակառակ աննպաստ օդին` հաւատացեալ հայ ժողովուրդը դարձեալ լեցուցած էր Մայր տաճարն ու բակը:
ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ կը հսկէին անթերի կարգապահութեան:
Եկեղեցական արարողութեանց նախագահեց Խորէն Ա. կաթողիկոս:
Պատարագիչն էր դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս:
Ս. պատարագը երգուեցաւ քառաձայն եղանակով, «Կոմիտաս» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ խմբավար Գէորգ Գանտահարեանի:
Պատարագիչ սրբազանը հոգեշունչ քարոզ մը խօսեցաւ, բնաբան ունենալով` «Քնար քաղցրախօս աստուածային հոգւոյն, յօրինեալ մարմնով եւ մասամբք հոգւոյդ» Յովհաննէս Երզնկացիէն:
Յաւարտ Ս. պատարագի, կազմուեցաւ աւանդական թափօր, մասնակցութեամբ վեհափառ հօր, լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, պատարագիչ սրբազան հօր, վարդապետներու, աբեղաներու եւ դպրեվանքի սաներու:
Բազմահազար ուխտաւորներ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, Նիկողայոսի, Սեղբեստրոսի Ս. Աջերով օրհնուեցան:
Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ սրբազան մասունքներու աջահամբոյրը:
Այնուհետեւ, հաւատացեալներ կարգապահութեամբ վեհարան բարձրացան եւ աջն ու օրհնութիւնը առին վեհափառ հօր:
Տոմսեր
Թագաւորը Մեռաւ,
Կեցցէ Թագաւորը
Յունաստան կորսնցուց իր վեհապետ Փաւլոս Ա. թագաւորը, որուն անունը մեզի կը յիշեցնէ նաեւ բացառիկ այն պատիւը, զոր վեհապետը ընծայած էր Զարեհ Ա. կաթողիկոսին, արքայական առաջին կարգի պատուանշանով:
Սահմանադրական միապետութիւնը կը շարունակուի Յունաստանի մէջ. գահ բարձրացած է արդէն Փաւլոս Ա.ի զաւակը` գահաժառանգ իշխան Կոստանդին Բ.:
Արքայական վարչաձեւը յաճախ չէ պատշաճած յոյներու անհատապաշտ, ըմբոստ եւ ազատական նկարագրին, որուն պատճառով, անոնք, դարեր առաջ տակաւին հին Ելլադայի մէջ ստեղծած են ժողովրդավար առաջին կարգերը, որոնք 2500 տարի յետոյ միայն պիտի ընդօրինակուէին Արեւմուտքի կողմէ:
«Երկու ծայրայեղութիւններ իրարու կը միանան» բացատրութիւնը փաստուած է Յունաստանի մէջ, ուր անկարգութեան մօտեցող ծայրայեղ ազատականութիւնը անկարելի դարձուց ժողովրդավար կարգերու արդիւնաւոր գործունէութիւնը, ինչ որ, մէկէ աւելի առիթներով, արքայական վարչաձեւը պարտադրանք դարձուց երկրին համար: Ուրիշ միջոց չէր մնացած «խօսք հասկցնելու» անկարգ կուսակցամոլութեան:
Կոստանդին Բ. հազիւ 23 տարեկան` գահ կը բարձրանայ տագնապի օրերու մէջ, որ մասամբ կը նմանի իր մեծ հօր` Կոստանդին Ա.ի գահակալութեան փոթորկոտ շրջանին:
Կոստանդին Ա.ի անունը եղերականօրէն կապուած է Փոքր Ասիոյ հելլենական արշաւանքին (1922):
Կոստանդին Բ.ի սեղանին վրայ առաջին հարցն է Կիպրոսի կնճիռը, որ հետզհետէ կը բարդանայ, լաբիւրինթոսային հեռանկարներով…
Երանի՛ երիտասարդ վեհապետը եւ մեր յոյն բարեկամները յաջողէին բաղձալի լուծում մը գտնել` առանց… առիթ ընծայելու Մոսկուայի «բարեկամակա՜ն» միջամտութեան:
Հայ ժողովուրդի 1920-ի փորձառութիւնը բաւական պերճախօս չէ՞…
ԳԻՍԱՒՈՐ
Հայ Աւետ. Ուսուցչկն. Միութիւն
Ուսուցիչներու Օր
Հայ աւետ. ուսուցչական միութեան կազմակերպած ուսուցիչներու օրուան հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 9 մարտ 1964, երեկոյեան ժամ 8:30-ին, հայ աւետարանական քոլեճի հանդիսասրահին մէջ, ստուար թիւով հանդիսականներու ներկայութեան:
Յոտնկայս Լիբանանի ազգ. քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Էշրեֆիէի աւետարանական քոլեճի երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Ս. Համպոյեանի, խմբերգուեցան Ք. Գոզալեանի «Ծիծեռնարկ»-ը եւ Կարօ Զաքարեանի «Երեւան»-ը:
Ա. Բրուտեան արտասանեց Դանիէլ Վարուժանի «Դաստիարակ»-ը, իսկ Յ. Մըսրլեան արտասանեց Յովհաննէս Թումանեանի «Ազգը յոբելեան պիտի կատարէ»-ն:
Գ. Րուպեան նուագեց Սպենդիարեանի «Թոգգաթա»-ն:
Օրուան առաջին բանախօս էր Բիւզանդ Եղիայեան:
Վաստակաւոր դաստիարկ-ուսուցիչը սքանչելիօրէն ներկայացուց հայ ուսուցիչին դերը հայոց պատմութեան մէջ: Ժամանակագրական ընթացքով թուեց անունները եկեղեցական եւ աշխարհական մեծանուն ուսուցիչներու` պանծացնելով անոնց կատարած մեծ դերը:
Զ. Ալտրմշեան մեներգեց Շահան Պէրպէրեանի «Լուսաւորչի կանթեղը»` դաշնակի ընկերակցութեամբ Ա. Թոփճեանի:
Երկրորդ բանախօսն էր վեր. Յ. Ահարոնեան:
Յարգելի վերապատուելին խօսեցաւ «Ո՞վ է ուսուցիչը» նիւթին շուրջ եւ ի միջի այլոց ըսաւ. «Ուսուցիչ մը կոչում ունենալու է բնական հակումներու վրայ հիմնուելով»:
Փակման խօսքը ըրաւ Ա. Ճիզմեճեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բանախօսներուն, յայտագրին մասնակցողներուն եւ ներկաներուն:
Վերապատուելի Նիյուճիկեանի օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը:

