Խխունջը, Տարօրինակ, Փոքրիկ Կենդանի Մը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ան շատ գեղեցիկ չէ, դանդաղ է եւ կպչուն: Սակայն խխունջը ունի ձիրքեր: Ան կրնայ ընտիր ճաշի մը վերածուիլ կամ գեղեցկութեան սերի մը:
Թուլամորթներուն ընտանիքին մէջ (որուն մաս կը կազմեն խխունջները, նաեւ ընգղաները), նման սահող անասուններէն միայն քանի մը տեսակներ ցամաք ելած են:
Անոնցմէ է խխունջը, որ երկրագունդին վրայ երեւցած է 600 միլիոն տարիներ առաջ:
Հակառակ իր ոչ շատ ախորժակ բացող տեսքին, խխունջը շատ շուտ փնտռուած ուտելիք մը պիտի դառնայ: Խխունջը իբրեւ ուտելիք գործածուելու սկսած է Ք. Ա. 10,000 տարիներէն:
***
Հռոմէացիները
Շատ Կը Սիրէին
Սակայն յատկապէս հին ժամանակներու շրջանին է, որ ան մեծ հետաքրքրութիւն կը գտնէ: Յոյները եւ հռոմէացիները շատ կը սիրեն խխունջ ուտել: Անոնք կը հաստատեն խխունջի առաջին անասնաբուծութիւնները, որոնք կը կոչուէին քոքլէարիա: Ապա խխունջ ուտելու նորոյթը վերիվայրումներ կ՛արձանագրէ:
19-րդ դարուն է, որ խոհարարները կը սկսին առաջարկել «Ա լա պուրկինիոն» խոհագիրը, պատրաստուած կարագով, սխտորով, ազատքեղով եւ սոխի տեսակով մը: Այդ ժամանակէն ի վեր, խխունջ ուտել շքեղ սովորութիւն մը դարձած է: Ինչպէս գորտի ոտքեր կամ ոստրէ ուտելը լաւ ճաշեր ուտել սիրողներուն համար անհրաժեշտ փորձ մըն է:
***
Գեղեցկութեան Սեր Մը
Ան մորթին համար տարօրինակ հոգատարութեան նիւթ մըն է, սակայն զայն գործածող կիները շատ գոհ են:
Այս հոգատարութեան միջոցը շատ տարածուած է Ճափոնի մէջ եւ սկսած է ընդունուիլ ամբողջ աշխարհին մէջ: Խխունջները կը դրուին դէմքին վրայ, եւ անոնց լորձունքը կը թափանցէ մորթին մէջ` զայն աւելի պայծառ եւ փայլուն դարձնելու համար:
Խխունջին լորձունքը հարուստ է ջուրով, հետեւաբար ան այդ ջուրը մորթին մէջ անցնելու յատկութիւնը ունի: Նոյն ատեն ան կնճիռներու դէմ կը պայքարի եւ զանոնք սպիացնելու կարողութիւն ունի: Իսկ անոնց համար, որոնք չեն սիրեր, որ այս սահող փոքրիկ անասունները պտտին իրենց դէմքին վրայ, կան նաեւ խխունջի լորձունքով պատրաստուած սերեր:
Ինչո՞ւ Անոնք Այդքան
Լորձունք Կ՛արտադրեն
Քալելը դիւրին չէ, երբ ոտքեր չունիք տեղափոխուելու, խխունջը պէտք է իր ոտքերուն մէջ գտնուող մկանները կծկէ: Սակայն գետնին վրայ կան տեսակաւոր առարկաներ, որոնք կրնան զայն վիրաւորել:
Հետեւաբար, աւելի դիւրին սահելու եւ պաշտպանուելու համար խխունջը կ՛արտադրէ մեծ քանակութեամբ լորձունք: Այս լորձունքը արտադրելու համար ան պէտք ունի ջուրի: Այս պատճառով է, որ երբ սաստիկ անձրեւ ըլլայ, խխունջները իրենց ծակերէն դուրս կ՛ելլեն: Այս պատճառով է նաեւ, որ անոնք անմիջապէս կը պահուըտին երբ օդը կը սկսի տաքնալ: Անոնք կը մտնեն իրենց պատեանին մէջ` աւելի լաւ եւ անձրեւոտ օրեր սպասելով…
Սակայն խխունջին լորձունքը անոր կը ծառայէ նաեւ իր թշնամիները վախցնելու: Երբ ան ինքզինքը վտանգի մէջ կը զգայ, ան կրնայ լորձունքի պղպջակներու ամպ մը արտադրել, որպէսզի վրան չի յարձակին:
Գիտէի՞ր, Թէ
Բնութեան մէջ խխունջը կ՛ապրի միջին հաշուով 10 տարի:
- Խխունջը կը յառաջանայ 1 վայրկեանուան մէջ 6 սմ արագութեամբ:
- Խխունջը ունի 4 շրթներ, սակայն միայ 1 մէկ ակռայ:
- Այդ ակռան անոր կ՛օգնէ ուտելիքները բռնելու: Ապա լեզուն է, որ գործի կ՛անցնին: Ան օժտուած է հազարաւոր մանր ակռաներով:
Խխունջը բեռնէն չի շնչեր, այլ մորթէն: Ան այնքան բարակ է, որ խխունջը կրնայ նոյնիսկ անոր ընդմէջէն խմել:
- Հակառակ իր շօշափուկներուն ծայրը զետեղուած աչքերուն, խխունջը շատ գէշ կը տեսնէ, եւ ոչ գունաւոր: Իր ճամբան գտնելու համար ան կը գործածէ յատկապէս իր հոտառութիւնը:
- Խռնջայլներն ալ պատեան մը ունին: Սակայն ան շատ մանր է, եւ զետեղուած մորթին տակ:
Քալիֆորնիացի Զոյգ Մը
Կը Հարստանայ
Իր Շունը Պտտցնելով
Քալիֆորնիոյ մէջ, Սաքրըմենթոյի Կոլտ Քաունթրին շրջանին մէջ, երիտասարդ զոյգ մը գտած է իր շունը պտտցնելու ընթացքին Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ ամէնէն մեծ պահուած գանձը:
Ճիշդ այս շրջանին մէջ ալ էր արդէն, որ տեղի ունեցած էր դէպի ոսկիի հանքերը խուժումը 19-րդ դարուն: Տէր եւ տիկին մը, որոնք ուզած են իրենց անո՞ւնը չյայտարարել, նշմարած են, որ «ժանգոտած մետաղեայ տուփի մը ծայրը գետնէն դուրս ցցուած էր` ծառի մը տակը»: Անոնք սկսած են գետինը փորել փայտի կտորով մը: Շատ աւելի խորունկ փորելով, անոնք կրցած են գտնել 8 տուփեր, որոնց մէջ կան 1427 հազուագիւտ ամերիկեան ոսկի դրամներ: Գանձին ընդհանուր արժէքը կը հասնէր 10 միլիոն տոլարի, ոսկիէ 20 տոլար դրամի ձեւի տակ: Անոնք մնացած են 19-րդ դարու կէսերէն: Այս պահուած դրամը հազուագիւտ է ո՛չ միայն իր արժէքով, այլ նաեւ իր որակով: Ճիշդ է, որ այդ կտորները թաղուած են աւելի քան մէկ դարէ ի վեր, սակայն անոնք շատ լաւ վիճակի մէջ մնացած են: Անոնցմէ կարգ մը կտորներ այնքան լաւ մնացած են, որ կարծէք անոնք նոր տպուած են:
Մօտաւորապէս 15 կտորներ կը ներկայացնեն մինչեւ հիմա գտնուած նման հին դրամներու ամէնէն գեղեցիկ նմուշները: Անոնցմէ ամէնէն նշանաւորը հաւանաբար տպուած է 1866-ին եւ անոր արժէքը կը հասնի մօտաւորապէս 1 միլիոն տոլարի:
Կարմիր Ձուկ Մը Գործողութեան
Սեղանին Վրայ
Ֆրանսայի հարաւը ապրող եւ հանգստեան կանչուած ծերունի մը գտած է անասնաբուժ մը, որ ընդունած է գործողութեան ենթարկել իր 6 տարեկան կարմիր ձուկը` Ռոմէօ, որ ուռ մը ունէր:
Եւ որովհետեւ անկարելի էր կարմիր ձուկը ջուրին մէջ դարմանել, բժիշկը ամէն անգամ ձուկը ջուրէն 1 վայրկեան դուրս կը հանէր, անոր ուռը լէյզըր ճառագայթով դարմանելու համար:
Վիրահատութեան ծախս` 150 եւրօ: Դժբախտաբար ուռը դարձեալ յայտնուեցաւ: Ռոմէօ դարձեալ վիրահատութեան ենթարկուեցաւ: Բժիշկը ստիպուած անոր կռնակի լողակը հանեց: Ըստ վերջին լուրերուն, ձուկը կրցած է դարձեալ լողալ:
Ասիկա բժշկական փոքր քաջագործութիւն մըն է, եւ մեծ թեթեւութիւն անասունին տիրոջ համար:
Առաջին Սրճարանը…
Շուներու Յատուկ

Շուներու յատուկ առաջին սրճարանին մէջ շունիկները կրնան իրենց մազերը սանտրել տալ, մինչ անոնց տէրերը սուրճ կը խմեն: Այս սրճարանը զետեղուած է Լոնտոնի շքեղ թաղամասերէն մէկուն մէջ: Հո՛ն է նաեւ, որ քանի մը ամիսներ առաջ բացուած էր կատուներու առաջին սրճարանը:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
- Գետնառիւծին լեզուն կրնայ ընթանալ ժամական 21 քմ արագութեամբ:
- Մարդասպան կոչուած միջատ մը երբեմն իր մարմնին վրայ սատկած մրջիւններ շալկած կը քալէ աւելի մեծ երեւելու համար:
- Փիղերուն օրական խմած ջուրը հաւասար է 800 գաւաթի:
- Ուղտերը ծագումով եկած են հիւսիսային Ամերիկայէն:
- Ճափոնի մէջ կարելի է գնել ընգղայի համով պաղպաղակ:
- Ամէն օր աշխարհի մէջ աւելի շատ Այֆոն հեռաձայններ կը ծախուին, քան` մանուկներ կը ծնին:
- Ամերիկայի Օրեկոն նահանգին մէջ գոյութիւն ունի քաղաք մը, որուն անունը Պորինկ (ձանձրացուցիչ) է:
- Ուղեղ մը կրնայ համակարգիչէն 100 անգամ աւելի տեղեկութիւններ ամբարել:
- Ձուկերը երբեմն կը հազան:
Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու թիթեռնիկները:

Կրնա՞ս գտնել միսի կտորին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս այս 12 մանրամասնութիւնները դնել իրենց համապատասխանող տուփիկներուն մէջ` գտնելու համար պահուած պատկերը:

Կրնա՞ս գտնել վերի կերպարին հայելիին մէջի նկարը:

Կրնա՞ս գտնել հաւկիթին վրայ գրուած թիւը` կոտրտուած կտորները իրենց համապատասխանող տեղերը դնելով:

