Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր. Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ Լուսաւորիչ Միտքերու

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

Սահակ Կաթողիկոսի Շիրիմի Մասին

44-Goriun-SrpazanՕրմանեան սրբազան 1880-1887 տարիներու ընթացքին եղած է Կարնոյ վիճակի առաջնորդ: Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան կարեւորագոյն թեմերէն մէկուն առաջնորդական պաշտօնին կոչուած է, երբ կաթոլիկութենէն Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ գիրկը վերադառնալուն հազիւ եօթը ամիսներ էին անցած: Այդ օրերուն, իր իսկ վկայութեամբ, Կարնոյ առաջնորդարանի հոգեւոր իշխանութեան տակ կը գտնուէին 200-է աւելի հայաբնակութիւն ունեցող գիւղաքաղաքներ ու գիւղեր*:

1882-ին պատրիարքարանէն հրահանգ կը ստանայ որպէս քննիչ այցելելու Տարօնի մէջ գտնուող համբաւաւոր Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ կոչուած վանքը, ուր ժամանակէ մը ի վեր ներքին խռովութիւններ կային: Մեր նիւթէն չշեղելու համար չենք ուզեր մտնել Օրմանեանի` Տարօնի աշխարհին մէջ կատարած շրջագայութեանց, հայահոծ քաղաքներուն եւ գիւղերուն, մեծ ու փոքր վանքերուն տուած այցելութիւններու, պատրաստած տեղեկագրերու ու կազմակերպչական գործունէութեան մանրամասնութեանց մէջ: Այդ մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ կարելի է գտնել իր «Խոհք եւ խօսք» ինքնակենսագրական հատորին մէջ: Այդ բոլորին մէջ այն, ինչ որ մեզ կը հետաքրքրէ հետեւեալ փոքրիկ յուշագրական ծանօթութիւնն է:

1882-ի հոկտեմբերի վերջը, կ՛ըսէ, «եկայ Մատնեվանք, ուսկից Աշտիշատ ալ բարձրացայ» (էջ 117):

Ուստի զարմանալի չէ, որ 1910-ի վերջերը երբ Կ. Պոլսոյ մէջ կը գրէր «Ազգապատում»-ի առաջին հատորը (որ տպագրուած է 1912-ին), «Սահակի մահը» խորագրին տակ նկարագրած ըլլար` որպէս ականատեսի վկայութիւն, այն, ինչ որ տեսած էր 1882-ին Աշտիշատի մէջ: Ստորեւ կը մէջբերենք յիշեալ հատուածը:

«Աշտիշատ ոչ միայն հայրապետական Լուսաւորչեան ազգատոհմին կալուած էր, այլեւ Մամիկոնեանց գաւառին մէջն էր, Սահակի մանկութեան ծննդավայրը եղած էր, եւ ամէն ատեն անոր հաճելի եւ սիրելի բնակավայրն էր նկատուած: Գերեզմանին վրայ եկեղեցի մեծապայծառ եւ վկայարան սրբոց շինուած ըլլալը կը յիշէ Փարպեցին, եւ գերեզմանին ալ ուխտատեղի եղած ըլլալը կը վկայէ:

Այսօր Մշոյ Մատնավանքէն դէպի վեր բարձրացող լերան վրայ, Տէրիք կոչուած փոքրիկ գիւղին մօտ, անշուք եւ անձուկ, անարգ տեսքով եւ հազիւ մարդաչափ բարձրութեամբ շէնք մը կայ, կոշտ ու սեւացած կամարով մը ծածկուած, որուն ներքեւ եւ կիսով պատին խառնուած քարի մը տակ կը հանգչին ազգին եւ եկեղեցւոյն, լեզուին ու գրականութեան ամենամեծ երախտաւորին ոսկորները: Անոր մօտ կողմնակի ուրիշ քար մըն ալ կայ, որ շիրիմն է Սահակի դստեր` Սահականուշի»**:

Փակելէ առաջ մեր այս մտերմիկ զրոյցը 5-րդ դարու մեր երեք մատենագիրներուն` Կորիւն Սքանչելիի, քերթողահայր Մովսէս Խորենացիի, հայրենանուէր պատմիչ Ղազար Փարպեցիի հետ, որուն նպատակն էր ոգեկոչել ու պանծացնել Սուրբ Սահակի անմահ յիշատակը, մեր փափաքն էր գէթ հոգիի աչքերով փոխադրուիլ Աշտիշատ` որպէս ուշացած ուխտաւոր, այցելել անոր սրբատեղին: Կ՛ուզէինք խոնարհաբար ծունկի գալ անոր ամենասուրբ շիրիմին առջեւ: Երկիւղածօրէն աղօթել անոր հոգիի յաւիտենական խաղաղութեան համար: Ի խորոց սրտի հայցել անոր օրհնութիւնները` կարենալ միշտ վառ պահելու համար մշակոյթի այն ջահը, որուն առաջին լուսարարներն ու ջահակիրները եղան Մեծն Սահակ հայրապետ եւ հոգելոյս Մեսրոպ եռամեծար վարդապետ:

51-Goriun-SrpazanԱփսո՜ս, հազա՜ր ափսոս, հիմա չկայ անոր գերեզմանին վրայ կառուցուած «մեծապայծառ եկեղեցին»: Չկայ անոր շուրջ գտնուող վանական համալիր¬ուխտատեղին. իսկ անոր շիրիմին վրայ հանգչած գերեզմանաքարին հետքն իսկ չկայ: Անոր վախճանման օրը նշանակուած հանդիսաւոր կրօնական արարողութիւններն ու ուխտագնացութիւններն ալ վաղուց դադրած են, որովհետեւ 24 ապրիլ 1915 չարաշուք թուականէն ետք ամայացաւ Արեւմտեան Հայաստանը եւ որբացաւ իր զաւակներէն:

24 Ապրիլ 1915 եղեռնապատում թուական մը, որմէ տակաւին արիւն կը կաթի մեր սրտերուն մէջ:

Շուտով ազգովին պիտի նշենք Հայոց  ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Թուրքը ամէնէն անմարդկային, վայրագ ու ճիւաղային միջոցներով ոչնչացուց մեր ազգին կէսը: Մենք` Ցեղասպանութենէն հրաշքով վերապրած ծնողներու զաւակներս, գիտենք, որ թուրքը կանխամտածուած եւ նախածրագրուած ձեւով ցեղասպանութիւն գործեց մեր ժողովուրդին դէմ: Մենք կորսնցուցինք ո՛չ թէ միայն երկու միլիոն հայութիւն եւ հայրենիք, այլ նաեւ` չորս հազար տարուան մշակոյթ:

Այսօր, Հայոց ցեղասպանութենէն շուրջ հարիւր տարի ետք, թուրքը ծրագրուած ձեւով կը շարունակէ բնաջնջել մեր պատմական հայրենիքի հողերուն վրայ տակաւին գոյութիւն ունեցող, այդ հողերուն հայկական արմատներն ու պատկանելիութիւնը ապացուցող մեր մշակոյթի վերջին հետքերը: Թուրքը անամօթաբար եւ անպատժելիօրէն կը շարունակէ քանդել, աւերել ու ոչնչացնել հայաբնակ գիւղերուն եւ քաղաքներուն մաս կազմող ճարտարապետական մեր շքեղ կոթողները, մեր սուրբերու հաւատքով ու տեսիլքով շաղախուած մեր եկեղեցիներն ու սրբավայրերը, մինչեւ իսկ` գերեզմանատուներու տապանաքարերն ու խաչքարերը:

Ի՞Նչ Է Պատգամը Մեր Հայրերուն

52-Goriun-SrpazanԱյս բոլորէն ետք ի՞նչ է պատգամը մեր հին ու նոր լուսապսակ սուրբերուն, քաջարի հերոսներուն ու մարտիրոսներուն, սահականուն առաքելատիպ հայրապետներուն եւ մեսրոպաշունչ երանաշնորհ վարդապետներուն:

Առաջին հերթին` հեռու մնալ օտարամոլութենէն: Միշտ յիշել Սահակ կաթողիկոսի հայ նախարարներուն տուած յորդորը` մեր հիւանդ ոչխարը օտարի առողջ գայլին հետ չփոխելու իմաստուն պատգամը: Մերժել եւ մեզմէ հեռու վանել` յանուն «արդիականութեան», այսպէս կոչուած «ազատամտութեան» փառաբանուող եւ գործադրուող այլասերիչ եւ ազգակործան գաղափարախօսութիւնները: Չընդօրինակել, չկապկել այլ ժողովուրդներու իւրայատուկ կենցաղային եւ ընկերային յոռի բարքերը եւ ապազգային արարքները:

Հաւատարիմ մնալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ ուղղափառ հաւատքին` դաւանանքին ու վարդապետութեան, պահելով ու պահպանելով մեր ազգային աւանդութիւններն ու ընտանեկան սրբութիւնները: Դատապարտել ու արտաքսել, մեր համայնքի կեանքէն դուրս շպրտել աղանդաւորական ամէն շարժում, որ կը սպառնայ աղարտել ու աղաւաղել մեր եկեղեցւոյ կրօնական ու ազգային նկարագիրը: Յատկապէս զգուշանալ գառնուկի մորթով մեզի մօտեցող գայլերէն, որոնք դիմակաւոր խաբեբաներ են, պարզապէս հայութեան թշնամիներու ծառայութեան մէջ գտնուող «վարձկան քարոզիչներ» են:

Չմոռնալ մեր նահատակներու արիւնագիր կտակին գործադրութիւնը: Երէկ եւ այսօր եւ ապագային նոյն բարբարոս, արիւնարբու թուրքն է մեր դիմաց: Եթէ հնարաւորութիւն ունենայ, վաղն իսկ մեր փոքրիկ Հայաստանն ու ազատագրուած Արցախը կը ջնջէ քարտէսէն: Ուստի մեր պարտականութիւնն է չյուսահատիլ մեր արդար պահանջատիրութեան սրբազան պայքարին մէջ: Ինչպէս մեր ապրած ժամանակները ցոյց տուին, կայսրութիւններն ու բռնատիրութիւնները, աշխարհագրական սահմաններն ու վարչակարգերը մնայուն եւ անփոփոխ չեն: Էականը չնահանջելն է. պահանջատիրութեան բազմաթիւ ճակատներուն վրայ, որպէս մշտարթուն պահակներ, պատրաստ ըլլալն է:

Վերջապէս, որպէսզի ապրի ու գոյատեւէ, պայքարի ու ստեղծագործէ մեր ազգը, անհրաժեշտ է սորվիլ ու պաշտելու չափ սիրել մեր մայրենի լեզուն ու գրականութիւնը: Չաղաւաղել զայն օտար բառերու եւ ասութեանց գործածութեամբ: Մեր ամէնօրեայ հոգեւոր եւ ազգային սնունդը ստանալ հայ մշակոյթի արմատներէն: Հայօրէն մտածել ու գործել, հայօրէն ծրագրել ու գոյատեւել իրագործելու համար մեր համազգային անկատար տենչերը, որպէսզի Մեծն Սահակ Պարթեւ հայրապետի հոգին հրճուի իր երկնային յաւիտենական խաղաղութեան մէջ եւ իր յիշատակը շարունակէ միշտ անմահ մնալ իր սիրած ժողովուրդի զաւակներու սրտերուն մէջ: Աղօթենք միասին:

«ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ»:

 

(Շար. 16 եւ վերջ)

 

* Տեսնել` Մաղաքիա արք. Օրմանեան, «Խոհք եւ խօսք» (Երուսաղէմ, 1929), էջ 111:
** «Ազգապատում», անդ, թիւ 221:

Share this Article
CATEGORIES