Հայրենիքի Շունչը
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երկուշաբթի, 10 մարտի առաւօտ, իննսունվեցամեայ մեր ընկերը` Ցոլակը, մտաւ խմբագրատուն ու ջերմօրէն ողջագուրուեցաւ հետս` բարի վերադարձ ըսելով եւ յանձնարարելով այս օրերու «ՕՐԸ ՕՐԻՆ» սիւնակէն զգալ տալ հայրենիքի շունչը:
Կիրակի օր վերադարձած էի Երեւանէն: Երկու տարուան բացակայութենէ ետք, խորհրդաժողովի մը մասնակցութեան առիթով մեկնած էի հայրենիք ու կրցածիս չափ` երկարաձգած կեցութիւնս:
Հայաստանի ու Արցախի իւրաքանչիւր թիզի հետ յուշերով կապուած ոեւէ անձի համար, կրնաք երեւակայել, թէ երկշաբաթեայ կեցութիւնը որքա՛ն անբաւարար, որքա՛ն ծանրաբեռնուած, որքա՛ն սպառիչ պիտի ըլլար:
Ինծի համար Հայաստան այցելութեան մասին գրելն իսկ ցաւագին խնդիր եղած է «Ասպարէզ» վերադարձիս այս վերջին վեց տարիներուն: Հայաստանի անկախութեան պայքարին ժամանակ ու անկէ ետք, անկախ պետականութեան երկունքի օրերուն, հայրենի հողին վրայ ըլլալու մղումը զիս պահած էր երկրին մէջ, ու այդ շրջանին գրած իւրաքանչիւր տողիս հետ հաշտ եղած էի: Հիմա միշտ խռովքով ու անհանգիստ, միշտ մակերեսային ու կեղծ հնչելու մղձաւանջով կը գրեմ: Եթէ ինծի համար հայրենիքը այդքա՛ն քաղցր է ու թանկագին, եթէ անկախ Հայաստանը իմ երազն է ու նպատակը, ապա հոս ի՞նչ կ՛ընեմ:
Պէտք է ըսել, որ այս հարցին պատասխանելու ուժ չգտնելով հանդերձ, նոյն այդ հարցն է, որ գոնէ իմ աշխատանքիս կիրքով մօտենալու, անով գրաւուելու, անոր ամբողջականօրէն նուիրուելու մղումը կու տայ ինծի: Դասալիքի զգացումէն խուսափելու պաշտպանական միջոց մըն է, հաւանաբար, ասիկա: Թերեւս® Թող այդպէս ըլլայ: Իսկ ընկեր Ցոլակի յանձնարարականը` ստորեւ:
Անտեղի Քարոզ
Հայրենիքի շունչը.
Հայրենադարձ ընկերոջս տունը հրաւիրուած էի ընթրիքի: Հրաւիրուած էր նաեւ մէկ այլ հայրենադարձ զոյգ: Կերանք, խմեցինք ու սկսանք զրուցելու:
Հրաւիրողներն ու հրաւիրեալները բոլորը գործօն մասնակիցներ են Հայաստանի հասարակական կեանքին: Անկախ մեզմէ` խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Հայաստանէն արտագաղթին վրայ, որուն օրէ օր ահագնացող թափին առջեւ անճրկած կը թուի ըլլալ ամբողջ երկիրը` իր իշխանութիւններով (որոնք գլխաւոր պատասխանատուն են այս վիճակին), իր ընդդիմութեամբ ու իր հասարակական կազմակերպութիւններով:
Արտագաղթը յուսահատութեան հետեւանք է. անարդար հասարակարգը փոխելու անհնարինութեան առջեւ ինքզինք գտած երիտասարդը, նաեւ` տարեցը, իր փրկութիւնը միայն կը տեսնէ օտար ափերու վրայ եւ ամէն գնով կը փորձէ դուրս գալ երկրէն:
Հրաւիրուած զոյգը եւս յուսահատական արտայայտութիւններով կը մասնակցէր մեր զրոյցին: Ամէն ինչ ըրած ու արդէն ձեռնթափ եղած անձերու հոգեվիճակով կը խօսէին: Իրենցմէ չէի սպասեր, ու անակնկալի եկած` անբնական հակազդեցութիւն մը ունեցայ. ամպագոռգոռ ճառ մը արտաբերեցի, որ հիմա երբ կը մտաբերեմ, պարզապէս կը կարմրիմ: Տասնհինգ օրով Հայաստան եկած, չեմ գիտեր` ի՛նչ մղումով, ի՛նչ դրդումով ես ինծի իրաւունք տուած էի հայրենասիրութիւն քարոզելու այս զոյգին, որ որքա՛ն ալ յուսահատ` Հայաստանէն հեռանալու ո՛չ միտք ունէր, ո՛չ ալ տրամադրութիւն:
Անկեղծօրէն, ես պէտք է պարզապէս խնդրէի, աղաչէի, որ թօթափեն իրենց վրայէն յուսահատութիւնը եւ հոսանքին դէմ կանգնելու պայքարին մէջ դառնան ներշնչման աղբիւր բազմաթիւ երիտասարդներու, որոնք իրենց կը նային իբրեւ օրինակ:
Բայց նոյնիսկ խնդրելով նման բան` արդեօք վիրաւորած չէի՞ ըլլար զիրենք:

