Բարեւներ Այնճարէն. «Խնդրեցէք Եւ Պիտի Տրուի Ձեզի»

Մ. Թ. Հ.

Տարագրութիւնը հաւասար է թշուառութեան:

Այնճարի տարագրութեան առաջին տարիներուն, երբ «ճեներալ» սովը կը տիրէր,
երբ հաց չկար,
երբ փիլաւ եփելու իւղ չկար:

Փորը կշտացնելու համար, անօթութիւնը կը ստիպէ մարդս դիմելու ամէն միջոցի:

Մեր կիներն ու աղջիկները կ’երթային շրջակայ դաշտերը գետնախնձոր «աֆրելու»` հաւաքելու: «Աֆրել» սովորական բերքահաւաք չէ: Այլ բուն իսկական բերքը վերցնելէն ետք, բերքին դաշտը մնացած, անպէտք մանր կամ վիրաւոր հատիկները հաւաքելու գործողութիւնն է: Եւ այդ գետնախնձորը խաշելով` հացի տեղ կ’օգտագործէին: Իսկ երիտասարդները կ՛երթային լերան ստորոտը , ուր դրացի հովիւները  ոչխարներ կ՛արածէին. իբր թէ դեղձանիկ բռնելու պատրուակով, հովիւէն արտօնութիւն առնելէ ետք, ճարպիկ մսագործը կը մտնէր հօտին մէջ, եւ սուր դանակով պարարտ ոչխարին դմակը կտրելով` կը սահեցնէր ծոցը…

Դուք գիտէք, թէ ինչ կ՛ըլլայ խեղճ ոչխարին վիճակը…

Ես ալ չեմ գիտեր… Միայն գիտեմ, որ ամբողջ գերդաստանը կուշտ փորով կը քնանայ:

Կաթը չմոռնանք, երբ կաթ ալ չկար…

Հակառակ տիրող աննպաստ պայմաններուն, այնճարցիները, ըստ հայկական աւանդութեան, անդադար «չոճուխ» կը բերէին: Արդի ժամանակներուն պէս չէր` մէկ-երկու հատով բաւարարուիլ, այլ` նուազագոյնը 7-8 հատ… երբեմն մինչեւ 12-13 երեխայ: Այլապէս ինչպէ՞ս պիտի արդարացնենք հայկական իտէալը`«Կա՛նք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»: Բայց դժբախտաբար օտարները չէին կրնար ըմբռնել մեր ազգային գաղտնիքը:

Արդարեւ, շուէտացի բարեսիրական  «Միսիոնարութիւն» մը Այնճար հաստատուած էր օժանդակելու համար Այնճարի կարիքաւոր  ժողովուրդին:

Ընդհանրապէս փոշի կաթ կը մատակարարէին երեխաներուն:

Միսիոնար քոյրեր գրասենեակ բացած էին եւ կ՛արձանագրէին կարիքաւորները:

Ո՞վ կարիքաւոր չէր որ… անխտի՛ր բոլորը:

Այնճարցի յղի մայրը երեխաները արձանագրելու համար կը ներկայանայ քոյր միսիոնարին «օֆիսը»: Գիրկը երեխայ մը , ուրիշի մը ձեռքէն  բռնած  եւ երկու հատ ալ փէշերուն կպած:Քոյր միսիոնարը քիչ մը դժկամութեամբ հարցական կը նայի մօր երեսին.

– Հը՜մ, քանի՞ հատ- կը հարցնէ եւ կը սկսի հաշուել-մէկ երկու երեք չորս… ի՜ւֆ  ի՜ւֆ, – կը բացագանչէ:

Խեղճ մայրը ամչնալով, ըհը՜ ըհը, թեթեւ մը  հազալու պէս կը ձեւացնէ` աչքով ցոյց տալով որովայնը:

– Լա՛ւ, լա՛ւ, հասկցայ, հինգ- կը յարէ քոյր միսիոնարը եւ խոժոր դէմքով կը նայի մօր աչքերուն, ուրիշ ալ մոռցած չե՞ս տունը:

Ապա խռոված, յանդիմանական շեշտով կը սաստէ խեղճ կինը.

– Ինչո՞ւ այդքան «չոճուխ» կը բերէք:

Շփոթած մայրը խպնելով բնազդաբար.

– Աստուած կու տայ, կ՛ըսէ ցած ձայնով:

– Հա՛, Աստուած կու տայ, Աստուած կու տայ… կ՛ըսէք  ու կ՛անցնիք…

Յանդիմանուած մայրը զարմանալով քոյր միսիոնարին անհաւատութեան վրայ, հարցական կը նայի անոր աչքերուն` հասկցնելով, թէ` «ամէն բան  չ՛ըսուիր… միթէ դուն չես գիտեր, որ այդպէս կ՛ըսեն… բայց մենք հայերս չէ՞ որ քիչ ենք, այլապէս ինչպէ՞ս պիտի շատանանք… »:

Քոյր միսիոնարը բարկացած այդ նայուածքէն`

– Աստուած ինծի ինչո՞ւ չի տար:- Շեշտակի կը շպրտէ մօր երեսին:

Անճրկած խեղճ կինը չի գիտեր ի՛նչ պատասխանել, թուքը կը կլլէ, յանցաւորի պէս գետին կը նայի… կարծես թէ ինք Ամենակալին վերակացուն ըլլար: Բարեբախտաբար նախախնամութիւնը օգնութեան կը հասնի բարեպաշտ մօր. կը յիշէ գիրքը եւ մտովին կը ժպտի` «եթէ դուք ալ կը փափաքիք շատանալ», ուստի`

«Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի»:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES