Ֆրանսահայ Կնոջ Մը Պատմութիւնը
ՍԱՆԴՈՒԽՏ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
1971-ի օգոստոսի տաք օր մը Այնճար կը ժամանէ ֆրանսահայ զբօսաշրջիկներու խումբ մը եւ կ՛այցելէ Ազգային «Յառաջ» վարժարանը: Խումբը ջերմօրէն կը դիմաւորուի վարժարանի տնօրէն` պրն. Յովհաննէս Գարագաշեանի եւ հոգաբարձական կազմին կողմէ: Շրջելէ ետք վարժարանի դասարաններն ու բաժանմունքները, խումբը կ՛առաջնորդուի գիւղին մէկ ճաշարանը, ուր ի պատիւ իրենց կը կազմակերպուի ճաշկերոյթ-խրախճանք, ներկայութեամբ վարժարանին ուսուցչական կազմին եւ Այնճարի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն: Շուտով մթնոլորտը կը ջերմանայ, խանդավառութիւնը մեծ կ՛ըլլայ, երգ, ասմունք, ապա տաւուլ-զուռնան իր կշռոյթով մուտք կը գործէ` փոխանցելով մուսալեռցիին շունչը ներկաներուն: Տօնական մթնոլորտ կը տիրէ:
Ի տես ֆրանսահայերու ուրախութեան` մենք եւս, ուսուցիչներս, շատ խանդավառ էինք, եւ երբ մեզի վստահուած պարտականութիւնը կը կատարէինք «Մուսա-լեռ» տարեգիրքը նուիրելով իւրաքանչիւրին, կին մը մօտեցաւ ինծի, գրկեց, համբուրեց եւ յուզումով ըսաւ. «Շատ յուզեցիր զիս ասմունքովդ (չեմ յիշեր` ի՞նչ ասմունքեցի), շատ տպաւորուած եմ եւ այս երեկոն յիշատակելի պիտի մնայ կեանքիս մէջ»: Հասցէ փոխանակեցինք եւ մէկ ամիս անց նամակ մը ստացայ Ֆրանսայէն, Զարուհի Տողրամաճեանէն: Նամակին մէջ իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէր այդ երեկոյին մեր ցուցաբերած հիւրընկալութեան համար եւ կը խնդրէր, որ վարժարանի ցուցատախտակին վրայի մանկական արտասանութիւնները արձանագրեմ եւ ղրկեմ իրեն: Նամակներէն իմացայ, թէ ինք կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչուհի էր:
Նամակակցութիւնները շարունակուեցան առանց դադարի, մինչեւ 1978 թուականը: Նամակներուն առանցքը կը կազմէր մեր ազգային կեանքը, հայրենասիրութիւնը, գիրքն ու գրականութիւնը, այլասերումի վտանգները, սփիւռքի մէջ եւ այլն: Նամակներէն իմացայ, թէ Թուրքիայէն արտագաղթած էր Ֆրանսա եւ հոն կազմած` հայ ընտանիք մը. ան կը գրէր. «Մենք Սեւ ծովի եզերքը կը բնակէինք. թուրքը նաեւ հայերու տուներէն զէնքերը հաւաքեց վերջն ալ աքսորը կազմակերպեց, առանց զէնքի խեղճ ժողովուրդը ոչխարի հօտի պէս քալեց աքսորի ջարդի ճամբան»:
Զարուհին մաքուր հայերէնով կը գրէր, առանց ուղղագրական սխալի եւ սահուն ոճով: Ան լուրեր կը փոխանցէր ինծի իր կարդացած հայկական թերթերէն, քաջատեղեակ էր հայ գրականութեան, շատ գիրք կը կարդար. ան կը գրէր. «Քոյրերս Հայաստան այցելեցին. իրենցմէ խնդրեցի, որ ոչ մէկ նուէր կ՛ուզեմ, ինծի միայն գիրք բերէք. բաւական գիրքեր բերէք, Խ. Աբովեանի «Վէրք Հայաստանին», «Կարդում է Ս. Քոչարեան» գիրքը չէի կարդացած, հետաքրքրական է:
Կը կարդար «Ազդակ», «Այգ», «Նայիրի», «Սփիւռք» եւ «Յառաջ», «Ազդակ»-ին եւ «Այգ»-ին մէջ հետաքրքրութեամբ կարդացած էի տօնավաճառին մասին, բայց ձեր նամակին ստացումը զիս չափազանց ուրախացուց, անոր մէջ յիշուած անկեղծ զգացումները կը ցուցաբերեն սրտաբուխ համակրանքն ու յարումը դէպի հայապահպանումը, շա՛տ ապրիք»:
Զարուհին շատ մտահոգ էր սփիւռքահայութեան ճակատագրով, «մեր սերունդէն ետք սփիւռքահայութեան ճակատագրով, «մեր սերունդէն ետք սփիւռքահայութիւնը պատմութեան կ՛անցնի: Մեր տարեկիցները ամէնքն ալ բաժանորդ են «Յառաջ» թերթին, երբ ծնողքը կը մեռնի տղայ կամ աղջիկը կը գրեն թերթին, որ հայրիկը կամ մայրիկը մեռաւ, թերթը դադրեցուցէք»: Կը գրէր` «Երանի ձեր ծնողներուն, որ իրենց զաւակները եւ թոռնիկները կը հասկնան իրենց ըրած զոհողութիւնները եւ քաջութիւնը»:
Երբ կը հարցնեմ, թէ թոռնիկներդ հայերէն կը խօսի՞ն, կը գրե՞ն, կը պատասխա՛նէ. «Մատդ ճիշդ վէրքիս վրայ դրիր, տղաքս հայ մեծցնելու համար «Մխիթարեան» վարժարան դրած էի, կար կարելով, ահագին զոհողութիւններով. պզտիկ եղած ատեննին հայերէն կը խօսէին, հիմա որ թոռնիկներս ֆրանսական դպրոց կ՛երթան, ա՛լ հայերէնը գրելը մէկ կողմ, խօսիլն անգամ բառերը փնտռելով կը խօսին»:
Օտար ամուսնութիւններու մասին կը գրէր. «Ես շատ պայքարած եմ տղաս` Կարոն հայու մը հետ ամուսնացնելու համար, որովհետեւ հոս ֆրանսուհիները այնքան լաւ գիտեն երիտասարդները գրաւելու ձեւը, առաջ ամէն բանի կը համաձայնին, վերջն ալ անյարմարութեան պարագային կը բաժնուին: Մենք անոնց մտայնութիւնը չունինք, ճակատագիրնիս է կ՛ըսենք, կը համբերենք, մեր սերունդէն ետք չեմ կարծեր, որ շատ դիմանանք այս օտար ափերուն վրայ, որովհետեւ ամէն բանով մեզմէ շատ բարձր են` գրականութեամբ, մշակոյթով, դպրոցներով: Հոս ֆրանսական դպրոցները գիրքերը եւայլն ձրի են. հոս մեր ըրածը հոսանքին դէմ թիավարել է»:
Տպաւորուած Այնճարի այդ օրուան հիւրընկալութենէն եւ հայկական մթնոլորտէն` ամէն նամակի մէջ անպայման յիշատակութիւն մը կ՛ընէր եւ Այնճարի լուրերը թերթերէն քաղելով` ինծի կը գրէր. «Նայիրի»-ի մէջ կարդացեր էի տաղանդաւոր գրագէտ Արամ Հայկազի Պէյրութ ժամանելուն մասին` տօնելու համար իր յոբելեանը: Ձեր նամակին մէջ Այնճար այցելութիւնը ի՜նչ աղուոր նկարագրած էք, ի՜նչ ոգեւորութիւն կայ Այնճարի մէջ, որ Արամ Հայկազը անգամ փափաքեր է հոն ապրիլ»:
«Սփիւռք» շաբաթաթերթը կը կարդամ. Ս. Սիմոնեանին «Սարոյեանի 14 օրերը Լիբանանի մէջ» գրութիւնը, որուն մէջ կ՛ըսէ, թէ Սարոյեանը գտաւ իր ժողովուրդը, իր մեծ ժողովուրդը, իր անուշ ժողովուրդը, լսեց անոր ձայնը. այդ ժողովուրդը դուք էք` վարժուհիներով, աշակերտներով, շա՛տ ապրիք, երկու վէպ կամ թատրերգութիւն պիտի գրէ եղեր, մէկը` իմ շատ սիրելի Այնճարէն, միւսն «Թռչնոց Բոյն»-էն քաղուած: Եթէ օր մը գիրքը լոյս տեսնէ, վստահ եմ, որ զիս չէք մոռնար: Ուիլիըմ Սարոյեանի Այնճար այցելութիւնը շատ լաւ նկարագրած էիք. ճիշդ ըսեր է ան, իրաւունք ունիք հպարտ ըլլալու, շա՛տ ապրիք, դուք էք հայութիւնը բարձր բռնողը»:
«Ներփակ կը գտնես «Յառաջ»-էն գրութիւն մը, ի՜նչ աղուոր նկարագրած է Այնճարը, ան Հայաստանի մանրանկարն է, կը գրէ, շատ ճիշդ է, Աստուած պահէ ձեզի` ձեր դպրոցներով, մեր յոյսն էք»:
«Կռնակս լեռներուն դէմքս արեւին» յօդուածը կարդացի, որուն մէջ Այնճարը կը ներկայացուի, որպէս զուտ հայկական գիւղ: Մեր այցելութեան ամէնքն ալ այդ տպաւորութիւնը ունեցանք. մեր մէջէն շատեր Հայաստան այցելած էին, սակայն այդ գիշերուան ոգեւորութիւնը, երգ, արտասանութիւն այդքան երիտասարդութիւն հաւաքուած մենք Հայաստանի մէջ տեսանք»:
«Յառաջ» վարժարանի ամէն տարուան «Մուսա-Լեռ» տարեգիրքը կը ղրկէի իրեն. այնքան կ՛ուրախանար, որ իր շուրջիններուն կը փոխանցէր եւ կը գրէր ինծի. «Մեր խնամիները տարեգիրքը ձեռքէ ձեռք անցուցին միշտ կարդացին. իրենք 1914-ի պատերազմի որբերէն են եւո «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը մնացեր են մինչեւ իրենց ապրուստ մը ապահովելը. չէք կրնար երեւակայել, թէ ի՜նչ հաճոյքով կարդացին եւ իրենց դժբախտ մանկութիւնը յիշեցին»:
Զարուհիին նամակներուն անհամբեր կը սպասէի եւ նոյն օրն իսկ կը պատասխանէի. կարծես պատրաստ նիւթ ունէի գրելու. ինք ալ նոյնը կը գրէր ինծի եւ կ՛ըսէր. «Կը կարդամ քանի-քանի անգամներ, արցունք կը թափեմ վրան, սակայն միւս կողմէ հոգիս կը լեցուի, երբ կը լսեմ ձեր հայրենասիրութիւնը, ձեր գործունէութիւնը, գիւղ մը, ուր միայն հայ սիրտեր կը տրոփեն հայու շունչ կայ, հայ գիրն ու գրականութիւնը կ՛ուսուցանուի, հայոց պատմութիւնը կը փոխանցուի նոր սերունդներու, ապրի՛ք»:
Հօրս տարիքը ունեցող Զարուհին, հակառակ անոր որ լաւ կեանք մը կ՛ապրէր Ֆրանսայի մէջ, կը վայելէր անոր բնութիւնն ու բարիքները, օդափոխութեան համար տարին երեք ամիս Փարիզէն դուրս գեղեցիկ վայրերու մէջ կ՛ապրէր, սակայն այդ բոլորը ֆիզիքապէս կազդուրուելու համար էր. «Սիրտս եւ հոգիս ձեզի հետ է, Հայաստանի հետ է, մեր մշակոյթին հետ է», կը գրէր:
1978-էն ետք նամակագրութեան թելը կտրուեցաւ մեր մէջ. հակառակ հասցէի փնտռտուքիս` չկրցայ գտնել զայն, սակայն իմ նամակները պահուած մնացին քովս: Զարուհին, որուն դէմքն իսկ յիշողութեանս մէջ մնացած չէ, եղաւ ինծի համար հայ կնոջ տիպարը, սփիւռքահայ մօր մը օրինակը եւ իսկական հայուհիի մը պատկերը: Յարգանք իր նմաններուն:

