Ուսուցիչը

ՆԱԹԱԼԻ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ

Ուսուցչաց տօնը իրապէս ուրախալի առիթ մըն է, որ կը տօնակատարուի աշխարհի չորս կողմ` պատուելու համար ուսուցիչներ եւ անոնց երախտագիտութիւնը յայտնելու:

Երբ Անգլիոյ նախկին վարչապետներէն մէկուն կը հարցնեն, թէ ի՞նչ են յաջողութեան երեք կարեւոր բանալիները իր այս պաշտօնին հասնելուն, կը պատասխանէ` ուսում, ուսում եւ ուսում:

Ուսումը բանալին է ամէն բանի: Բանալին է խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան, կայունութեան, տնտեսական աճի, առողջութեան, ինչպէս նաեւ լայնամտութեան եւ ներդաշնակութեան` տարբեր կրօններու, գաղափարներու, համայնքներու եւ ժողովուրդներու միջեւ:

Ուսումը բանալին է տիեզերական թաքնուած գաղտնիքները բացայայտելու, մտաւոր կարողութիւնները զարգացնելու, եւ այս բանալին կը կրէ «ուսուցիչը»:

Թերեւս կարելի է ունենալ դպրոց կամ համալսարան` առանց շէնքի, առանց գիրքի, մատիտի, գրասեղանի, գրատախտակի եւ կարծեմ` համակարգիչի, բայց կարելի չէ առանց ուսուցիչի, շատ պարզ է:

Վստահաբար բոլորս ունինք անմոռանալի յուշեր եւ ազդուած ենք հոյակապ ուսուցիչներէ` մեզ ձեւաւորելու, ուղղելու, առաջնորդելու իմաստով: Ուրեմն այսօր ջերմօրէն կ՛ողջունենք եւ պարտք կը զգանք մեր սէրը, յարգանքը եւ երախտագիտութիւնը յայտնելու մեր սիրելի ուսուցիչներուն երէկուան, այսօրուան եւ վաղուան:

Մեծն Աղեքսանդր ըսած է, թէ ինք իր հօր կը պարտի այս կեանքի շնորհքը, բայց իր ուսուցիչին է, որ կը պարտի լաւ կեանքի մը շնորհքը:

Յաճախ ուսուցչութիւնը նկատուած է որպէս ազնուական կոչում: Ուսուցիչներն են, որ կ՛որոշեն չափանիշներ ժողովուրդի մը քաղաքակրթութիւնը պահելու եւ փոխանցելու: Անոնք ունին արժեւորման չափանիշ մը եւ անոնց նկարագիրը եւ վերաբերմունքը ուղղակիօրէն կ՛ազդեն մատղաշ սերունդին վերելքին եւ յաջողութեան: Հետեւաբար ուսուցիչը լիարժէք ներկայութիւն պէտք է ըլլայ ազգին քաղաքական, վարչական եւ ազգային կեանքի մարզերուն մէջ` ունենալով իր ներդրումը ժողովուրդին վերելքին եւ բարօրութեան համար:

Ուսուցիչին միջոցով է, որ մեր ազգը պիտի ունենայ յանձնառութիւնը չափանիշներու, ինչպէս` հաւասարութեան, արդարութեան եւ ազգասիրութեան. ինչպէս նաեւ պիտի զարգացնէ աշակերտներուն մօտ քննադատական մտածողութիւնը, որոշում տալու կարողութիւնը, որ հիմնուած պիտի ըլլայ արդարամտութեան, տրամաբանութեան եւ հասկացողութեան վրայ, ինչպէս նաեւ պէտք է մղէ աշակերտը գործելու մարդ էակին զարգացման համար: Եւ այս կը նշանակէ անշուշտ միջավայր մը, որ զերծ է վախի եւ կասկածի զգացումէ:

Յաճախ մենք կը զգանք տագնապ մը, երբ կ՛ուզենք կշիռքին վրայ դնել մեր ժառանգութիւնը եւ ազգային յարատեւութիւնը` մէկ կողմէ, եւ միւս կողմէ` մեր առջեւ դրուած ժամանակակից եւ նորարարութեան զարգացումը: Այս մէկը բնաւ դիւրին չէ այսօր, եւ ճիշդ այդ պատճառով ուսուցիչներ որքան իմաստուն եւ առաջնորդող դեր ունենալու են ցոյց տալու ճամբան գիտութեան, ճշմարտութեան եւ զատորոշելու քննադատական եւ ակադեմական գիտութիւնը:

Անոնք առաջին հերթին պէտք է իրենց աշակերտներուն տաղանդները տեսնեն` օգնելու համար անոնց, որ ձեռք ձգեն լաւագոյն արդիւնքները:

Ուսուցիչները պէտք է ըլլան նաեւ ընտրեալները ազգի մը, որովհետեւ շատ բան վստահուած է իրենց:

Եւ վերջապէս, յաջողութեան երազը կը սկսի ուսուցիչի մը հետ, որ կը հաւատայ քու կարողութեանդ, կը հսկէ աշխատանքդ, կ՛առաջնորդէ յաջողութեան` երբեմն գործածելով խիստ միջոցառումներ` գաւազանի մը նման ուժգին, որոնք կը կոչուին ճշմարտութիւն, կարգապահութիւն եւ մարտահրաւէր:

Վարձքերնիդ կատար, սիրելի ուսուցիչներ: Յարատեւ մնաք ձեր կոչումին հաւատարիմ:

 

Share this Article
CATEGORIES