Թէյասեղան-Դասախօսութիւն
ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու վարչութիւնները տարեկան իրենց ծրագրին մէջ անպայման յատուկ տեղ կը տրամադրեն դասախօսութեան մը, ըլլայ այդ մէկը դաստիարակչական կամ առողջապահական:
25 փետրուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց դասախօսութիւն-ձեռնարկ մը, Ամանոսի Ս. Թէհլիրեան ակումբին մէջ, ուր թէյասեղանի մը շուրջ հաւաքած էր իր ԼՕԽ-ականները եւ շրջանի համակիրները:
Տրուած ըլլալով, որ վերջերս լուրջ մտահոգութիւն եղած է թմրամոլութիւնը, օրուան դասախօս տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան անդրադառնալով Լիբանանի ընկերատնտեսական պայմաններուն հետ զուգահեռ ի յայտ եկող զանազան մոլութիւններու` ոգելից ըմպելիներու չարաշահում եւ թմրեցուցիչի գործածութիւն, փաուըր փոյնթի ցուցադրութեամբ, մանրամասն եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցեց թմրեցուցիչներու տեսակներուն, թմրամոլութեան մղող ազդակներուն, կանխարգիլման ձեւերուն, ինչպէս նաեւ մեր զաւակները թմրամոլութեան ախտէն հեռու պահելու միջոցներուն մասին:
Դասախօսութեան աւարտին ան պատասխանեց նաեւ ներկաներուն հարցումներուն:

