Ս. Սարգիսի Նշում
ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի աւանդութիւն դարձած Ս. Սարգիս Զօրավարին նուիրուած ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 18 փետրուար 2014-ին, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան երկայացուցիչին, բարերար Զուարթ Աբոշեանին եւ 80 ԼՕԽ-ականներու:
Բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսքը փոխանցեց Աստղիկ Կէտիկեան եւ հրաւիրեց օրուան դասախօս Վերժին Խորշիտեանը, որ խօսեցաւ թմրամոլութեան եւ անոր հետեւանքներուն մասին: Ներկաները հետաքրքրութեամբ լսեցին դասախօսութիւնը. անոր յաջորդեց օրուան հիւրասիրութիւնը, որ պատրաստուած էր վարչութեան կողմէ: Տեղի ունեցաւ տարեկան կրթանպաստի տրամադրուած վիճակաձգութիւնը, որուն նուէրը տրամադրուած էր «Աղասարգիսեան» հաստատութեան կողմէ: Ձեռնարկը շարունակուեցաւ օրուան վիճակահանութեան սպառումով, կային զանազան նուէրներ` տրամադրուած ԼՕԽ-ականներու կողմէ, նաեւ տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ: Ձեռնարկը վերջ գտաւ անուշեղէնի հիւրասիրութեամբ:

