ԼՕԽ-ի «Անի» Մասնաճիւղի Ձեռնարկ
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին Բարեկենդանի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 21 փետրուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ «Սիթատել» ճաշարանին մէջ:
Ներկայ էր Շրջանային վարչութեան ատենապետն ու մասնաճիւղին ներկայացուցիչը, նաեւ յանձնախումբերէ, տարբեր մասնաճիւղերէ անդամներ եւ բարեկամուհիներ:
Մուտքին բաժնուեցան գոյնզգոյն դիմակներ` ըստ հին սովորութեան:
Երեք քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետ Հուրի Պաժիքեանը: Ան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ հայկական տօներն ու աւանդութիւնները միշտ պատշաճ հանդիսութեամբ յիշելու եւ զանոնք նոր սերունդին փոխանցելու կարեւորութեան վրայ: Ապա հրաւիրեց օրուան բանախօսը` Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեանը իր պատգամը տալու ներկաներուն:
Քահանայ հայրը իր խօսքին մէջ գնահատեց «Անի» մասնաճիւղի Բարեկենդան տօնելու նախաձեռնութիւնը, բացատրեց իմաստը, որ կը նշանակէ բարի կեանք, կենդանութիւն, կեանքը դրական ընկալել, չդժգոհիլ, այլ միշտ փառք տալ Աստուծոյ:
Դիմակը կը խորհրդանշէ Բարեկենդանը` ծպտեալ երեսով համարձակօրէն արտայայտուիլ, բայց երկդիմի, երկերես չըլլալ, ունենալ անկեղծութեան, քաջութեան, ազնուականութեան դիմակը:
Քահանայ հայրը նաեւ բացատրեց, որ Բարեկենդանը մեծ պահքին նախորդող կիրակին է: Պահքի տեւողութեան մասին մանրամասնութիւններ փոխանցեց ան:
Ձեռնարկը ճոխացուց Սեւան Ադամեան:
Հրամցուեցան տեսակաւոր ճաշեր:
Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ նուիրատուութիւններ:

