Պահքի Ճաշերու Մատուցում
ԼՕԽ-ի «Չաւօ Շանթ» մասնաճիւղը Տիքուանիի իր ակումբին մէջ կազմակերպեց պահքի ճաշերու մատուցման ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ 13 մարտ 2014-ին: Ներկայ էին շուրջ 50 ԼՕԽ-ականներ եւ հիւրեր:
ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք վարչութեան ատենապետ Ժագլին Ագըլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց Թորգոմ քհնյ. Չորպաճեանը, որ խօսեցաւ միջինքին եւ պահեցողութեան մասին: Յայտնենք, որ հրամցուած ճաշերը պատրաստած էին վարչութեան անդամները: Տէր հօր խօսքէն ետք յաջորդեց հիւրասիրութիւնը: Տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ եւ վիճակահանութիւն:
CATEGORIES Գաղութային

