Բարեկենդանի Առիթով «Ճաշի Պազար»

IMG-20140312Շաբաթ, 1 մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, աշխուժ եռուզեռ մը ստեղծուած էր «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ:

«Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի, Բարեկենդանի առիթով կազմակերպուած աւանդական ճաշի պազարն էր:

Մասնաճիւղի վարչականները, անդամուհիներ ու բարեկամուհիներ, անվերապահ աջակցութեամբ, իրենց տրամադրած առատ ճաշերով, կարծէք մրցոյթի ելած էին, պահքի յատուկ ճաշերու պատրաստութեամբ ու այլազանութեամբ:

Ճաշի պազարը ստացած էր նոր երանգ, նոր ձեւ, ոմանք հաւաքուած էին սեղաններու շուրջ, ուրախ ու ժպտադէմ կեցուածքով, հմայուած էին ճաշերու բազմազանութենէն, ուրիշներ ընտրութիւններ կը կատարէին` իրենց նախասիրութիւններուն համաձայն:

Տեղի կ՛ունենար փոխանակում, սիրալիր ու բարեկամական առեւտուր, որուն հիմնական նհատակն էր գոյացած հասոյթով օգտակար ըլլալ ԼՕԽ-ի բարեսիրական ծառայութիւններուն:

Սեղաններուն վրայ տիրական էին ընդեղէններով եւ ձէթով պատրաստուած ճաշեր:

Այս առիթով հրամցուած ճաշերու տեսականին կը յիշեցնէր ներկաներուն, թէ Բարեկենդանը նախօրեակն է յաջորդող պահքի քառասնորդացի շրջանին, եւ Բարեկենդանի յատուկ տօնախմբութիւններով ու առատ ճաշերով վերջ կը դնեն աշխարհիկ վայելքներու ու կը վերադառնան Աստուծոյ` հետեւելով Մեծ պահոց խորհուրդը փոխանցող քրիստոնէական օրէնքներու ու ճշմարտութեանց:

Share this Article
CATEGORIES