Թմրամոլութեան Դէմ Պայքար
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, շաբաթ 1 մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը` տեսերիզի ցուցադրութեամբ:
Դասախօսութեան նիւթն էր «Թմրամոլութեան դէմ պայքար»-ը, դասախօսն էր Լենա Արապօղլեան:
ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Ռիթա Քիւսպէքեան: Ան մատնանշեց երիտասարդութեան սպառնացող` թմրամոլութեան վտանգը, որմէ ետք ան հրաւիրեց օրուան բանախօսը:
Ներկաները նախ հետեւեցան տեսերիզի մը, որ կը ներկայացնէր թմրամոլութիւնը եւ անոր բուժման կեդրոնները Հայաստանի մէջ:
Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք դասախօսը հաստատ կէտերով ներկայացուց թմրամոլութեան պատճառները, ախտանշանները եւ բուժման հանգրուանները: Ան մասնաւորաբար շեշտեց ծնողք-զաւակ փոխյարաբերութեան կարեւորութիւնը եւ մանաւանդ ծնողներուն ունեցած դերակատարութիւնը` իրենց զաւակներուն հոգեկան վիճակներուն մէջ:
Ան զգուշացուց երիտասարդները թմրամոլութեան հետեւանքներէն եւ թելադրեց անոնց զգուշ ըլլալ անկայուն նկարագիր եւ կենցաղ ունեցող ընկերներէ:
Դասախօսութեան աւարտին ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու դասախօսին:
Անմիջական Օգնութեան Դասընթացք
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին եւ գործակցութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան, տեղի ունեցաւ եռօրեայ շտապ օգնութեան դասընթացք մը, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ, որուն մասնակցեցան գիւղէն խումբ մը երիտասարդներ եւ քաղաքապետութեան ոստիկանները:
Դասընթացքը ներկայացուցին Պեքաայի օգնութեան խաչի պատասխանատուները:
Դասընթացքի աւարտին մասնակիցները ստացան համապատասխան հաստատագրեր:

